1931-ին հաստատուած Կաթողիկոսարանի մատենադարանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ եւ մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ վերակազմակերպման ընթացքի մէջ է։ Այս աշխատանքին նիւթապէս կ՚օժանդակէ Կաթողիկոսարանի բարերարներէն մին։ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի կ՚այցելէ մատենադարան՝ մօտէն հսկելու կատարուող աշխատանքներուն։
Յայտնենք, որ մատենադարանին բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին։