Մեր ժողովուրդի զաւակներուն դեղերու կարիքի բարձրացման ի տես, Երեսփոխանական գրասենեակը յաջողեցաւ ապահովել մեծ քանակութեամբ դեղորայք, որոնք անհրաժեշտ են ներկայիս տարածուած հիւանդութեանց դարմանման համար:
Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ի աշխատանքներու ծիրին մէջ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեանի, այցելեց «Ճինիշեան» կեդրոն եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւն, ուր, հանդիպում ունենալէ ետք տուեալ կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ, Երեսփոխանական գրասենեակին յատկացուած դեղորայքը ԿԱՄՔ-ի անունով յանձնեց հաստատութեանց դեղարաններուն:
Դեղորայքի նմանօրինակ քանակութիւն մը փոխանցուեցաւ նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին: