Մեսրոպեան վարժարանին եւ անոր աշակերտութեան նկատմամբ բարեկամութեան եւ զօրակցութեան տօն հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տարեկան բարեսիրական ընթրիքը, որ այս տարի զուգադիպեցաւ վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին: Անիկա կայացաւ 2 Փետրուար 2019-ին, Le Royal պանդոկի Azurea շքեղ դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ մօտ 250 հրաւիրեալներու` Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւորական եւ աշխարհական դասի ներկայացուցիչներ, միութենական պատասխանատուներ, նախկին եւ ներկայ երեսփոխաններ, նախարարներ ու պետական պաշտօնակատարներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ՝ Լիբանանէն եւ արտասահմանէն:
Ընթրիքի հովանաւորն էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, նախագահը` պարոն Վարուժ Ներկիզեան, որ Մեսրոպեանի գլխաւոր բարերարը կը հանդիսանայ երկար տարիներէ ի վեր:
Ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, որ յանձն առաւ անձնապէս հովանաւորելու յոբելենական ընթրիքը: “Հոգեւոր տիրոջ հոգատար անձին մէջ մենք կը տեսնենք խորհրդանիշը Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադիր սերունդին: Ան հսկողն է Մեսրոպեանի 80-ամեայ աւանդին, որուն կերտողներէն մէկը ինքն եղաւ”, ըսաւ ան:
Խօսքը ուղղելով ներկաներուն, պարոն Գալուստ դիտել տուաւ. “բնաւ չափազանցութիւն չէ հաստատելը, որ լիբանանահայ դպրոցը կը նմանի նաւու մը, որ կը փորձէ շարունակել իր երթը` տարուէ տարի առաւել ալեկոծ դարձող ծովու մը մէջ: Դուք այստեղ էք, որպէսզի կրթութեան այս նաւուն պատերը մնան առողջ, որ անոր կայմերը ըլլան տոկուն ու դրօշը՝ միշտ բարձր, որպէսզի անոր ճամբորդները հասնին ցանկալի ափերը:” Մեսրոպեանի տնօրէնը աւելցուց. “պիտի երթանք Մեսրոպեանի 80ամեայ աւանդին զօրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ: Տուած ենք խոստումը զարգացումի եւ յառաջընթացի, ծրագրաւորուած աշխատանքի եւ արհեստավարժութեան` ու պիտի պահենք զայն: Պիտի աշխատինք, որ Մեսրոպեանը ապահովէ մանուկներուն եւ պատանիներուն կրթութիւնը այնպէս, որ անոնք կեանք մուտք գործեն որպէս հաւատաւոր քրիստոնեաներ, ազգասէր ու հայրենասէր հայեր, քաջակորով քաղաքացիներ եւ մարդիկ, որոնք տալիք ունին աշխարհին”:
Ապա խօսք առաւ ընթրիքի նախագահը՝ լիբանանեան եւ արաբական դրամատնային մարզի առաջնորդներէն, կրթական եւ ներդրումային շարք մը հիմնադրամներու եւ ծրագիրներու ղեկավար յայտնի գործարար եւ բարեգործ պարոն Վարուժ Ներկիզեան: Ան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի մէջ տարուող կրթական եւ դաստիարակչական գործը, որ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ տարուէ տարի, քայլ պահելով նոր դարաշրջանի մը կրթական պահանջներուն հետ: Պարոն Ներկիզեան ոգեկոչեց յիշատակը Մեսրոպեանի հիմնադիր սերունդի վարդապետներուն եւ հանգուցեալ պատասխանատուներուն, որոնք դարբնեցին կրթութեան այս օճախը նուիրումով եւ ձեռնհասութեամբ` կեանքի ճանապարհ հարթելով տասնեակ հազարաւորներու համար: Ան շնորհաւորեց Մեսրոպեանի գործող տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստն ու անձնակազմը, որոնք, Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի հսկողութեամբ, արժանիօրէն կը շարունակեն սերունդներու պատրաստութեան առաքելութիւնը` Մեսրոպեանի յարկին տակ:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ վարժարանին անունով շնորհակալութեան յատուկ նշանով մը պատուեց պարոն Վարուժ Ներկիզեանը:
Խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքապատկան վարժարաններու Վարչական Խորհուրդի Նախագահի Տեղակալ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, որ կամքէ անկախ պատճառներով ընթրիքէն բացակայող Հոգեւոր տիրոջ անունով շնորհաւորեց Մեսրոպեանի ընտանիքը` 80ամեայ յոբելեանին առիթով եւ շեշտեց, որ յանձին Մեսրոպեանի, Հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը մշտապէս զօրավիգ պիտի կանգնի հայ դպրոցին, զայն համարելով հայ ազգի յարատեւութեան երաշխիքը` եկեղեցիին հետ միասին:
Անկեղծ բարեկամութեան մթնոլորտի մը մէջ, ներկաները նուիրատուութիւններ կատարեցին Մեսրոպեանի կարիքաւոր աշակերտներու հիմնադրամին: Ընթրիքին հանդիսավարեց տիկին Աննա Անթունեան, գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտուհի Նանոր Առնէլեան, իսկ յատուկ այս առիթով մայր հայրենիքէն ժամանած հանրածանօթ երգչուհի Արփին երեկոյին հաղորդեց մեծագոյն ցնծութիւն` հայկական եւ եւրոպական երգերու կատարումներով:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի