ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետեւողական աշխատանքները զօրակոչի ոլորտին մէջ չարաշահումները արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ: Այս մասին կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու զաւակներուն զինուո-րական ժամկէտային ծառայութեան մեկնելու հարցին:
«Կայ քննարկում, թէ արդեօք այս թեման կ՛ուսումնասիրուի՞: Այդ թեման կ՛ուսումնասիրուի ոստիկանութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ գլխաւոր դատախազութեան կողմէ: Այս գործընթացը չի կրնար սահմանափակուիլ մէկ զօրակոչով, ատիկա զօրակոչի ժամկէտներու հետ կապ չունի, ուսումնասիրութիւնները ամբողջական պիտի ընթանան: Ցաւօք, զօրակոչի ոլորտին մէջ դեռ կը շարունակենք ունենալ չարաշահումներ, ընդհանրապէս զարմանալի է, որ այսպիսի իրավիճակի մէջ գտնուող երկրի մը մէջ կրնան պաշտօնատար անձերու կողմէ այսպիսի չարաշահումներ ըլլալ: Հետեւողականօրէն պիտի աշխատինք բոլոր չարաշահումները արմատախիլ ընելու համար», յայտնեց վարչապետը:
Ըստ Փաշինեանի՝ զարմանալի է, որ այսքան յայտարարութիւններէ ետք տակաւին կը շարունակուին այդպիսի դէպքերը: «Ոեւէ մէկը չմտածէ, թէ մենք որեւէ կէտի մէջ որեւէ պատճառով պիտի կանգ առնենք: Դարձեալ կը յայտարարեմ, որ կաշառակերութեան հետ փոխհամաձայնութիւններ պիտի չըլլան: Կարեւոր է նաեւ, որ այսքան բացայայտումներու պարագային չէ հնչած որեւէ քաղաքական հետապնդման մասին յայտարարութիւն, որ բացառիկ կարեւոր գործընթաց է: Յոյս ունիմ, որ ատով մեր դատաիրաւական համակարգը կ՛ապրի լրջագոյն վերափոխումներ», ընդգծեց վարչապետը: