Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբը երէկ իր գումարած երրորդ ժողովին ընթացքին աւարտեց այդ ծրագիրին մշակումը:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին վերջնականացաւ ծրագիրը:
Տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդի անդրանիկ յայտարարութիւնը արդէն իսկ պատրաստ է եւ պիտի քննարկուի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին, Պաապտայի մէջ, «այն յոյսով, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին կառավարութիւնը այդ ծրագիրին հիման վրայ կը ներկայանայ խորհրդարան` վստահութեան քուէ ստանալու նպատակով», ըսաւ ան:
Քըրտահի յայտնեց, որ հակառակ այն տարաձայնութիւններուն, որ նախարարները տարակարծիք են աշխատանքային ծրագիրին շուրջ, բոլորին միջեւ փոխըմբռնում գոյութիւն ունի եւ նիստերուն ընթացքին կը տիրէ դրական ու լաւատեսական մթնոլորտ:
«Ժողովուրդին ցաւերը նկատի ունենալու իրապաշտութեամբ կը մօտենանք հարցերուն: Մենք կը տեսնենք երկրին վիճակը եւ կը գործակցինք` լուծումներ ապահովելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը անդրադարձած է Լիբանանը յուզող բոլոր կէտերուն:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը գնահատէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու առումով յանձնառութիւն կը խոստանայ:
«Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, աշխատանքային ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն վերսկսելու եւ յանգելու Լիբանանի փրկութեան համար կարճ եւ միջին ժամկէտի վրայ մշակուելիք ծրագիրներու:
Միւս կողմէ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարչապետ Միքաթի Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` համախմբումի նախագահ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի գլխաւորութեամբ:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ երեսփոխաններ Սեզար Ապի Խալիլ, Էտի Մաալուֆ, Սելիմ Աուն, Ասաատ Տըրղամ, Նիքոլա Սահնաուի, Ֆարիտ Պուսթանի եւ Ռոժէ Ազար:
Հանդիպումէն ետք Միքաթիին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ հանդիպումը եղած է հեզասահ եւ դրական` աւելցնելով, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը աւելի ուշ պիտի հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ պիտի խոստանայ կառավարութեան իր վստահութեան քուէն շնորհել:
Հզօր Լիբանան համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց վարչապետ Միքաթին եւ դրուատեց անոր կողմէ Ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը յարգելու կեցուածքը` հանրապետութեան նախագահին հետ գործակցութեամբ կառավարութիւնը կազմելու իմաստով:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ համախմբումին եւ վարչապետին միջեւ դրական քննարկում կատարուեցաւ` բարեկարգումի ծրագիրներու գործադրութեան եւ երկրին փլուզումը կասեցնելու, երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու եւ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան իրաւունքը պահպանելու իմաստով:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ կառավարութեան եւ համախմբումին միջեւ շինիչ գործակցութիւն ունենալու խորհրդարանին մէջ:
«Կառավարութեան կողմէ իր աշխատանքային ծրագիրի վաւերացումէն ետք, համախմբումը նիստ մը պիտի գումարէ` վերջնական կեցուածք որդեգրելու կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու կամ ձեռնպահ մնալու վերաբերեալ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: