Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին նախարարներուն միջեւ արձանագրուեցաւ բանավէճ մը` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարը իր ստանձնած պատասխանատուութենէն զերծ կացուցելու առումով:
Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի նախարարները պահանջեցին նկատի ունենալ դատաւոր Պիթարի արձանագրած բացթողումները` դատական հոլովոյթին ընթացքին եւ ըստ այնմ պահանջել, որ անոր աշխատանքը` իբրեւ պայթումի թղթածրարի հետաքննիչ դատաւոր կասեցուի:
Բանավէճը մեղմացնելու համար նիստը տասը վայրկեան դադար մը առած էր` կատարելու խորհրդակցութիւններ, որոնց համաձայն կ՛որոշուի Պիթարի մասին կառավարութեան կողմէ կեցուածք որդեգրել, թէ ոչ:
Դադարէն ետք կառավարութիւնը շարունակեց իր նիստը, որ աւելի փոթորկոտ բնոյթ ստացաւ եւ որուն իբրեւ հետեւանք նախագահ Աուն նիստը աւարտած յայտարարեց, պայմանով որ անիկա շարունակուի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին` երկփեղկումը լուծելու խորհրդակցութիւններէ ետք:
Նշենք, որ նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատած է 2021-ի եւ 2022-ի ամավարկերու արագ պատրաստութիւնը:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին Լիբանանեան համալսարանի նախագահ նշանակեց դոկտ. Պասսամ Պատրանը:
«Դատաւոր Ալպերթ Սարհան եւ իրաւաբան Միրէյ Նաժըմ նշանակուեցան Սահմանադրական խորհուրդի անդամներ, դատաւոր Մոհամետ Մասրի` արդարութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն, իսկ դատաւորներ Տենի Շըպլի, Էլիաս Ռիշա, Միրէյ Հատտատ եւ Հապիպ Մըզհեր` Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի անդամներ», յայտնեց ան:
Քըրտահի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկումները կատարուեցան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ` աւելցնելով, որ դատաւոր Պիթարը փոխարինելու կարելիութիւն չքննարկուեցաւ:
Ան աւելցուց, որ քննարկումները պիտի շարունակուին այսօր:
Յայտնենք, որ դատաւոր Թարեք Պիթարի ի նպաստ ցոյց մը պիտի կատարուի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց:
Միւս կողմէ, երէկ գիշեր ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը վերածուեցաւ 20.500 լ. ոսկիի, իսկ աւելի ուշ Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դրամատուները ապահովական պատճառներով փակ պիտի մնան վաղը` հինգշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2021-ին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նշեալ որոշումը որդեգրուած է Պէյրութի դրամատան եւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի բնակարանին վրայ գործուած յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ դրամատուներու պաշտօնեաներուն եւ անոնց զաւակներուն դէմ արձակուած սպառնալիքներուն լոյսին տակ:
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ
Նախքան կառավարութեան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Միքաթի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւորին պահանջը` Պետական անվտանգութեան կառոյցի ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպան իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննելու:
Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ այդ մասին խորհուրդը քննարկումներ կատարած է եւ համապատասխան որոշում որդեգրած:
Ասմար յայտնեց, որ խորհուրդը իր որոշումները կը պահէ գաղտնի, բայց եւ այնպէս սպրդեցան կարգ մը տեղեկութիւններ, թէ խորհուրդը մերժած է
հետապնդել Թոնի Սալիպան, իսկ ներքին գործոց նախարարը մերժած է արտօնել Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի դատական հետապնդումը:
Խորհուրդի նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ կարճ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի եւ ներկայութեամբ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ներքին առումով խորհրդակցութիւններն ու ժողովները ընթացքի մէջ են միջազգային պատկան մարմիններուն հետ` մշակելու համար ելեւմտական եւ տնտեսական ապաքինման միացեալ ծրագիր մը, որ կառավարութեան կողմէ պիտի որդեգրուի` երկիրը իր տագնապէն դուրս բերելու համար:
Միքաթի յայտնեց, որ այս բոլորին զուգահեռ պիտի սկսին Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները` միջին ժամկէտով եւ երկարաժամկէտ փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրներ մշակելու նպատակով:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ աշխատանքի այս հոլովոյթը կ՛ընդգրկէ նաեւ այնպիսի դրամատուներ, որոնց պարտականութիւնն է փրկութեան հոլովոյթին մասնակցիլ, որովհետեւ տնտեսական ապաքինումը կ՛ենթադրէ տնտեսական մարզին վերաշխուժացումը, որուն մաս կազմող գլխաւոր տարրերէն են դրամատուները:
Միքաթի հաստատեց նաեւ բոլորին միջեւ դրական գործակցութեան կարեւորութիւնը` վերադարձնել կարենալու համար դրամատուներուն մէջ պահ դրուած հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները:
Վարչապետը հաստատեց, որ կառավարութեան հիմնական օրակարգը ելեկտրականութիւնն է, որ տարեկան դրութեամբ պետական գանձարկղին երկու միլիառ տոլարի ծախս կ՛ենթադրէ` առանց մնայուն լուծում ունենալու:
Իր կարգին, Սֆէյր յայտնեց, որ երկրին տնտեսական տագնապի հիմնական լուծումը` քաղաքական կայունութիւնն է, ինչպէս նաեւ բարեկարգումները գործադրելու յստակ նպատակը:
Սֆէյր ընդգծեց, որ որեւէ լուծում պէտք է յանգի դրամատուներուն մէջ պահ դրուած հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներու գումարներուն պաշտպանութեան: