Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին անցեալ շաբաթավերջին տարածուեցաւ լաւատեսական մթնոլորտ մը, որուն զուգահեռ շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի լուրեր, թէ կառավարութեան կազմութեան մասին զարգացումներ պիտի արձանագրուին այս շաբթուան կիսուն:
Կարգ մը լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր պիտի այցելէ նախագահական պալատ եւ հանդիպում մը ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` կառավարութեան կազմութեան ճիգերը վերջնականացնելու միտումով:
Սակայն քիչ անց այդ լուրերը հերքուեցան, ինչ որ բնական էր` տրուած ըլլալով, որ Լիբանան պաշտօնական սուգի մէջ է, եւ երկրին հիմնական համայնքներէն շիի համայնքը այսօր իր վերջին հրաժեշտը պիտի տայ իր հոգեւոր պետին` Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի:
Հետեւաբար կը նախատեսուի, որ վարչապետ Միքաթի վաղը` չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին այցելէ Պաապտա եւ վերջնականացնէ կառավարութեան ճակատագիրը:
Կատարեալ գաղտնապահութեամբ ընթացող կառավարութեան կազմութեան ջանքերը նկատի ունենալով եւ քաջ գիտնալով, որ Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք, կացութիւնը լաւագոյն ձեւով բնորոշելու համար կրնանք հաստատել, որ երկրին մէջ կը տիրէ զգուշաւոր լաւատեսութիւն մը: