Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները:
Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Հարիրի Պաապտայէն յայտնեց, թէ նախագահ Աուն երէկ իրեն յղած է կառավարութեան կազմի մը նախագիծը, որուն մէջ նախարարութիւնները համայնքային դրութեամբ բաժնուած են, եւ պահանջած է, որ նախարարի իր թեկնածուներուն անունները լեցնէ համայնքներուն դիմաց:
«Նախագահ Աունի յղած կառավարութեան կազմի նախագիծին մէջ նախագահը ներկայացնող քաղաքական կողմին վերապահուած է կառավարութեան որոշումները արգելակելու մէկ երրորդը: Հանրապետութեան նախագահին վերադարձուցի այդ նախագիծը եւ փափաք յայտնեցի, որ մոռնայ այդ նախագիծին գոյութեան մասին, սակայն շեշտեցի, որ պատմութեան համար այդ նախագիծէն օրինակ մը պիտի պահեմ մօտս: Ապա իրեն յանձնեցի իմ կազմած կառավարութեան կազմս, որ 100 օրէ ի վեր իր մօտ կը գտնուի, եւ ընդգծեցի, որ պատրաստ եմ դիւրացնելու հարցը, յատկապէս ներքին գործոց նախարարին գծով, սակայն ան կառչած կը մնայ կառավարութեան մէջ մէկ երրորդը ունենալու», ըսաւ Հարիրի:
Ան շեշտեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ հանրապետութեան նախագահին յղած կառավարութեան կազմը, որովհետեւ նշանակուած վարչապետին գործը չէ այս կամ այն անձին կողմէ յղուած նախագիծեր լեցնել:
«Սահմանադրական առումով այդ վարուելակերպը մերժելի է, որովհետեւ սահմանադրութեան համաձայն, նշանակուած վարչապետը կը կազմէ կառավարութիւնը եւ այդ կազմին մասին կը խորհրդակցի հանրապետութեան նախագահին հետ», ընդգծեց ան:
Հարիրի հաստատեց, որ իր նպատակն է աշխատիլ, որպէսզի Լիբանանը յաւելեալ քանդումէ փրկէ, «եւ նկատի ունենալով, որ նախագահ Աուն յայտնած է, թէ կառավարութեան պակասաւոր կազմ մը ներկայացուցած եմ, ապա ձեր տրամադրութեան տակ կը դնեմ կառավարութեան այն կազմը, որ աւելի քան 100 օրէ ի վեր` 9 դեկտեմբեր 2020-ին ներկայացուցած եմ նախագահին, եւ ձեր դատողութեան կը ձգեմ ամէն բան», ըսաւ Հարիրի:
Հարիրիի մեկնումէն ետք, հանրապետութեան նախագահի քաղաքական եւ տեղեկատուական խորհրդատու Անթուան Քոսթանթին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը անակնկալի եկած է Հարիրիի կատարած յայտարարութեամբ եւ վերջինիս ոճով:
Քոսթանթին յայտնեց, որ նախագահ Աուն, մեկնելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու եւ արագացնելու իր յանձնառութենէն, վարչապետ Հարիրիին յղած է փաստաթուղթ մը, որուն մէջ նշուած է կառավարութեան կազմութեան նախագիծը իբրեւ ձեւ, որ կը պարփակէ չորս սիւնակներ, որոնք կը պատրաստուին հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ համաձայնութեամբ:
«Առաջին սիւնակը կը ճշդէ կառավարութեան անդամներուն թիւը` 18 կամ 19 կամ 20, երկրորդ սիւնակը կը ճշդէ նախարարին յարանուանութիւնը` ըստ սահմանադրութեան 95-րդ յօդուածին, երրորդ սիւնակին մէջ կը նշուին նախարարներուն անունները` ըստ վարչապետին ունեցած ցանկին, իսկ չորրորդ սիւնակին մէջ կը ճշդուին նախարարներուն վերջնական անունները` յարանուանութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք», նշեց Քոսթանթին:
Ան ցաւ յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետը ընդվզումով կ՛արտայայտուի կառավարական այն կազմին մասին, որ 9 դեկտեմբեր 2020-ին ներկայացուցած է եւ նախագահ Աունի կողմէ մերժուած: «Կառավարութեան կազմութեան այն նախագիծը, որ նախագահ Աուն յղած էր Հարիրիին, ծանօթ է վերջինին, որովհետեւ անոր հիման վրայ Հարիրի երկու անգամ կառավարութիւն կազմած է` նախագահ Աունի իշխանութեան օրերուն», ըսաւ Քոսթանթին:
Քոսթանթին նշեց, որ այս անգամ Հարիրիի վարուելակերպն ու ոճը տարբեր էին: «Ան Պաապտա կատարած իւրաքանչիւր այցելութեան պակասաւոր կազմ կը ներկայացնէր, եւ շատ անգամ անանուն ցանկերով կը ներկայանար: Հանրապետութեան նախագահը յանձնառու է սահմանադրութեան համաձայն կառավարութիւն կազմելու, իսկ վարչապետ Հարիրիի կամ նախկին վարչապետներու կողմէ կատարուած բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահը կառավարութիւն չի կազմեր, այլ պարզապէս կազմը կը վաւերացնէ` հակասահմանադրական են եւ Ազգային ուխտին կը հակադրուին, հետեւաբար անոնք մերժելի են», շեշտեց ան:
Քոսթանթին հաստատեց, որ տիրող տագնապը կառավարութեան տագնապ է եւ պէտք չէ զայն վերածել իշխանութեան ու վարչակարգի տագնապի, «բացի եթէ անորոշ պատճառներով կառավարութիւն չկազմելու կանխատրամադրուածութիւն մը գոյութիւն ունի», եզրափակեց ան:
Քոսթանթինի կատարած յայտարարութիւններուն պատասխանեց Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը, որուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, թէ նախագահ Աունի հետ Հարիրիի ունեցած իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին, նախագահ Աուն կը հաստատէր, որ ինք կառչած կը մնայ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը ունենալուն:
«Այս իրականութիւնը լիբանանցիներուն ծանօթ է արդէն: Իսկ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը ցաւ կը յայտնէ, որ հանրապետութեան նախագահութեան գրասենեակը հրապարակած է լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը շեղող եւ ճշմարտութիւնները կեղծող փաստաթուղթ մը: Այդ պատճառով կը հրապարակենք նախանցեալ օր նախագահ Աունի կողմէ յղուած կառավարութեան կազմի նախագիծը` անոր ընտրած անուններով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ անոր կցուեցաւ նախագահին կողմէ յղուած փաստաթուղթը, ուր նշուած էին նախարարութիւններն ու յարանուանութիւնները:
Աւելի ուշ, նախագահական պալատը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած փաստաթուղթը յղուած է այն փուլին ընթացքին, երբ հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակուած վարչապետին միջեւ կառավարութեան կազմերու կարելիութիւններուն մասին փոխանակումներ կը կատարուէին, եւ ոչ մէկ կապ ունի նախագահ Աունի կողմէ նախանցեալ օր յղուած փաստաթուղթին հետ:
Գետնի վրայ կարելի է ըսել, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերադարձաւ զերօ կէտին, եւ երկիրը մուտք գործեց անորոշութեան աւելի խոր փուլ մը, որ շատ մտահոգիչ է:
Նախագահական պալատէն մեկնումի պահուն Հարիրիի կատարած յայտարարութենէն անմիջապէս ետք ամերիկեան տոլարին սեւ շուկայի սակը հասաւ 14.000-ի:
Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի յայտնեց, որ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի արժէքին ելեւէջները զսպելու նպատակով Կեդրոնական դրամատան կողմէ մեկնարկուելիք տոլարի հարթակը պիտի փորձէ ժամանակաւոր կերպով այդ սակը պահել 10.000-ի սահմաններուն մէջ:
Միւս կողմէ, ցուցարարները վերադարձան փողոց, եւ հրկիզուող անիւներով փակուեցան Պէյրութի կարգ մը ճամբաները, ինչպէս` Քոռնիշ Մազրաա, Քասքաս, Մարզական աւան, Սելիմ Սլամ, Քոլա, Համրա` Կեդրոնական դրամատան կից, Թրիփոլիի մայրուղին, Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակը, Պոհսասը եւ այլ փողոցներ:
Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց Սաատ Հարիրիի հետեւորդներուն հեռու մնալու փողոցէն` ընդգծելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը փողոց իջնելու կոչ չէ ուղղած:
Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց բոլորին մնալու հանդարտ եւ որեւէ ընդվզումի մէջ չներքաշուելու:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց իր մտահոգութիւնը` Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ լիբանանցի ղեկավարներուն կողմէ զայն հակակշռելու անկարողութեան մասին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու: