Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ մնալ մահաքունի մէջ` իրեն հետ վերացնելով յոյսի որեւէ նշոյլ, երկրին մէջ տիրող բազմաթիւ տագնապներուն ամէնէն գլխաւորին` վառելանիւթի տագնապին կու գայ աւելնալու նաեւ դեղորայքինը:
Քաղաքական առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անցեալ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` շնորհաւորելու համար զինք Ֆիթրի տօնին առիթով:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերաշխուժացնելու եւ երկիրը այս ծուղակէն դուրս բերելու կարելիութիւնները:
Իշխանութեան երկու պետերուն միջեւ այս խորհրդակցութիւններուն զուգահեռ յայտնուեցաւ, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ Ֆիթրի տօնը ընտանիքին հետ նշելու առիթով մեկնած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, պիտի շարունակէ մնալ հոն` այլ շաբթուան մը համար եւս:
Կենցաղային առումով Դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ամին կոչ ուղղեց դեղորայքի հետ ուղղակի կապ ունեցող նախարարութիւններուն եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ շտապ նիստ մը գումարելու` հաստատելով, որ Լիբանանի դեղային անվտանգութիւնը վտանգուած է:
Միւս կողմէ, Պենզինի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պետութիւնը ստիպուած է պաշտպանել պենզինի կայարաններու սեփականատէրերը, անոնց ընտանիքներն ու պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ պէտք է անհրաժեշտ գումարը տրամադրէ` վառելանիւթ ներածելու եւ կայարաններուն բաշխելու համար, որպէսզի պենզինի սեփականատէրերուն դէմ խոշտանգումները վերջ գտնեն, եւ լիբանանցիները ստիպուած չըլլան կայարաններուն դիմաց հերթի սպասելու:
Պրաքս խստիւ դատապարտեց Աքքարի մէջ պենզինի կայարանի մը սեփականատիրոջ զաւկին սպանութիւնը` աւելցնելով, որ պարզապէս որովհետեւ անոր հօր կայարանին մէջ պենզին ստանալու խնդիր պատահած էր, անծանօթներ կրակ բացած էին կայարանի սեփականատիրոջ զաւկին վրայ եւ սպաննած զայն:
Պրաքս հաստատեց, որ պենզինի կայարաններուն քիչ քանակով վառելանիւթ յատկացնելը չ՛արդարացներ մաքսանենգումը կասեցնելու կառավարութեան անկարողութիւնը:
Իր կարգին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն վերջ տալու իրենց համայնքային ու յարանուանական անձնասիրութիւններուն եւ կազմելու ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը: Ան շեշտեց, որ պէտք չէ նպաստը կասեցնել, նախքան` հատուցման քարտի վերջնական որոշումը:
«Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը պատնէշի վրայ պիտի մնայ` լիբանանցիներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար», ըսաւ Ասմար:
Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը կը պահանջէ ինքնաշարժի մեքանիքի քննութեան վերականգնումը` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին դիմաց վրաններ լարելու եւ երկարատեւ նստացոյց կատարելու, մինչեւ իրենց այդ պահանջին գործադրութիւնը: