երկուշաբթի, 27 յունիս 2022-ին սկիզբ առին կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները` խորհրդարանին մէջ:
Խորհրդակցութիւնները սկիզբ առին նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ հանդիպումով:
Նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ:
Հանդիպումէն ետք խորհրդարանի փոխնախագահը լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ սուրիացի գաղթականներու օրակարգին` յայտնելով, որ կարելի չէ սուրիացի գաղթականներու հարցը լուծել` առանց սուրիական կառավարութեան հետ հաղորդակցելու:
Նշանակեալ վարչապետի հանդիպումներու շարքին էր նաեւ հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական համախմբումին հետ հանդիպումը: Համախմբումը, հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ անոնք մաս պիտի չկազմեն կառավարութեան, որովհետեւ իրենց պահանջները նախագահ Աունի իշխանութեան վերջին 3 ամիսներու ընթացքին պիտի չգործադրուին:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը նոյնպէս հանդիպում ունեցաւ նշանակեալ վարչապետին հետ: Հանդիպումէն ետք պլոքը յայտարարեց. «Ան, որ կ՛ուզէ կառավարութիւնը պոյքոթի ենթարկել, ատիկա իր գործն է, սակայն պոյքոթի ենթարկելու պատասխանատուութիւնը ուրիշին վրայ նետելը իր գործը չէ»:
Իսկ բարեկարգչական երեսփոխանները Միքաթիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած են, որ բաժնեկցութեան որեւէ կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն, եւ պահանջած են կազմել արտակարգ լիազօրութիւններով օժտուած սեղմ կառավարութիւն մը: