Ճիշդ է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր այցելուներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին յոյս յայտնեց, որ յաջորդող օրերը դրական զարգացումներ ընդգրկեն` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով, սակայն վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրները հաստատեցին, որ ան նախագահ Աունի հետ հանդիպումի ժամադրութիւն մը չէ ճշդած տակաւին` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով յաւելեալ լաւատեսութեան պատճառ չկայ:
Անպաշտօն աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ այսօր յետմիջօրէին վարչապետ Միքաթի պիտի այցելէ Պաապտա, ուր ան նախագահ Աունին պիտի ներկայացնէ կառավարութեան լրիւ կազմ մը:
Մինչ կառավարութիւնը կազմելու հոլովոյթին ընթացքն ու ճակատագիրը կը մնան անորոշ` երկրին մէջ վառելանիւթի տագնապը կը յամենայ, իսկ սեւ շուկայի վրայ վառելանիւթի վաճառքը երեւակայական գիներով կը կատարուի:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան նաւթի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Օրօր Ֆըղալի յայտնեց, որ վառելանիւթ ներածող ընկերութիւնները իրենց դռները պիտի բանան, երբ շուկան գտնուող վառելանիւթի պահեստը սպառի:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆըղալի յայտնեց, որ իրանեան նաւերը տակաւին արտօնութիւն չեն խնդրած` լիբանանեան ջուրեր մուտք գործելու. ան աւելցուց, որ անոնց արտօնութեան շնորհումը քաղաքական է:
Միւս կողմէ, վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս յայտնեց, որ վառելանիւթ ներածող ընկերութիւնները կայարաններուն ոչինչ յանձնած են, որովհետեւ անոնք կը սպասեն, որ Կեդրոնական դրամատունը մէկ տոլարի դիմաց 8000 լ. ոսկիի սակով գործիքակազմ մը որդեգրէ, եւ ըստ այնմ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող վառելանիւթի նաւերը իրենց նաւթը յանձնեն ներածող ընկերութիւններուն:
Պրաքս նշեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին աստիճանաբար պիտի լուծուի պենզինի եւ մազութի տագնապը:
Իր կարգին, պիւթակազի ցրուիչներու սենտիքայի նախագահ Ֆարիտ Զէյնուն նկատել տուաւ, որ կայ նաւ մը, որ իր հինգ հազար թոն բեռը պիտի պարպէ մէկ տոլարին դիմաց 8000 լ. ոսկիի սակին հիման վրայ, եւ այդ քայլը 10 օրուան համար պիտի բաւարարէ լիբանանեան շուկան:
Վառելանիւթի տագնապին պատճառով երէկ առաւօտեան ժամերուն լիբանանցիներ փակեցին մայրուղիները` երթեւեկի ահաւոր խճողում մը ստեղծելով:
Փակուած մայրուղիներն էին Թրիփոլիի Փալմայի մայրուղին, Շեքքայի մայրուղին, Նահր Իպրահիմի մայրուղին, Ճիւնիի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, Զուք Մուսպեհը, Տըպպայէի մայրուղին` Ճիւնիի ուղղութեամբ, Տորայի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, Ժիէի մայրուղին, Տամուրի մայրուղին, Զահլէի մայրուղին:
Քանի մը ժամ ետք բանակն ու ապահովութեան ուժերը յաջողեցան վերաբանալ բոլոր մայրուղիները:
Իր կարգին, «Օժերօ» երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ զետեղեց յայտարարութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ապէյի, Քֆարմաթթայի, Քապրըշմունի, Պայսուրի, Սուք Ղարպի, անոր շրջակայ գիւղերուն եւ Քըպ Էլիասի իր ծառայութիւնները ժամանակաւոր կերպով եւ կամքէ անկախ պատճառներով դադրած են` մազութի տագնապին պատճառով: