Կառավարութեան կազմութիւնը մինչեւ երէկ ուշ գիշեր մնաց ձգձգումի եւ արգելակումի ենթակայ:
Երէկ կէսօրէ ետք, նշանակեալ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուէր, թէ Ատիպ նախանձախնդիր է կազմելու բոլոր լիբանանցիները գոհացնող առաքելութեան կառավարութիւն մը, որ պիտի գործադրէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, այլ խօսքով` տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումները, որոնց գործադրութեան շուրջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայնեցան:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուէր, որ Ատիպ այսքան ատեն լուռ մնացած է` գիտակցելով իր ստանձնած մեծ պատասխանատուութեան, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահին հետ խորհրդակցաբար կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութեան:
Ատիպ կը վերահաստատէր, թէ յանձնառու կը մնար ատակ անձնաւորութիւններէ եւ մասնագէտներէ կառավարութիւն մը կազմելու իր սկզբունքներուն, որպէսզի նախարարաց խորհուրդը արժանանայ արաբական եւ միջազգային հասարակութիւններու վստահութեան:
Ատիպ կ’ընդգծէր, թէ այդ վստահութիւնը կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին արտաքին օժանդակութիւններ ապահովելով` անոր տնտեսութիւնը փրկել:
Ան յոյս կը յայտնէր, որ բոլորը կը գործակցին Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գերագոյն շահերը ապահովելու եւ հայրենիքը փրկելու համար:
Իր կարգին, նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայեց կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ:
Պաապտայի հաղորդագրութիւնը կը նշէր, թէ սահմանադրութեան 53-րդ եւ 64-րդ յօդուածներուն համաձայն, հանրապետութեան նախագահը վարչապետին հետ համաձայնաբար կը հրապարակէ կառավարութեան կազմութեան հրամանագիրը:
«Վարչապետը կը կատարէ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնը, իսկ հանրապետութեան նախագահը կը ստորագրէ նոր կառավարութեան կազմին հրամանագիրը: Հանրապետութեան նախագահը ուղղակիօրէն առնչակից է կառավարութեան կազմութեան եւ վարչապետին հետ համաձայնաբար կը հրապարակէ կառավարութեան նոր կազմին հրամանագիրը», շեշտուեցաւ Պաապտայի հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խմբաւորումին յաւելեալ ճնշում բանեցնելու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն վրայ, որպէսզի անոնք յարգեն իրենց խոստումն ու յանձնառութիւնը եւ կառավարութիւն մը կազմեն:
Լը Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանան նիւթական ոչ մէկ օժանդակութիւն պիտի ստանայ` առանց բարեկարգումները իրագործելու:
«Լիբանանի ապագան վտանգի սեմին կը գտնուի, եւ առանց բարեկարգումներու` միջազգային նիւթական օժանդակութիւն պիտի չտրամադրուի Լիբանանին», շեշտեց Լը Տըրիան:
Նշենք, թէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէր, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը ողջունելի է, եւ կոչ կ՛ուղղէր լիբանանցի ղեկավարներուն արժեւորելու բաց գործակցութեան այս տրամադրութիւնը եւ անմիջապէս կազմելու առաքելութեան կառավարութիւնը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին արժեւորեց Հարիրիի նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա համաձայնութեան մեծ առիթ մըն է, ինչպէս նաեւ կը դիւրացնէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի պարտականութիւնը:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ յայտնեց, որ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը նոր կառավարութեան կազմութեան ճամբայ բացած է, իսկ Լիբանանի մնացեալ ղեկավարները իրենց կարգին պէտք է դրական կերպով վարուին: