Կառավարութեան կազմութիւնը կը շարունակէ իր ոչ հեզասահ ընթացքը:
Անկախ անպաշտօն կերպով յայտարարուած բոլոր լուրերէն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ոմանք կառչած կը մնան կառավարութեան կազմութեան ջանքերը վերածելու քաղաքական եւ տեղեկատուական պազարի մը, որ ընդունակ է ամէն տեսակի սուտերու, սպրդած տեղեկութիւններու եւ ըսի-ըսաւներու:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս ձեւը յստակ փորձ մըն է` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակելու ամբաստանութիւնը հեռացնելու եւ այլոց կողմը շպրտելու:
«Այս ձեւը արդէն իսկ բացայայտ դարձած է` վարչապետին կողմէ որեւէ հակազդեցութեան արժանանալու միտումով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը եւ կ՛աւելցնէ, թէ վարչապետ Միքաթի կը հաստատէ, որ ինք բաց եւ շինիչ կերպով կը գործակցի եւ կը խորհրդակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` հեռու մնալով նախապայմաններէն:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ Միքաթի զինուած է գաղտնապահութեամբ, եւ ան բազմաթիւ հանդիպումներ կը կատարէ` կառավարութիւնը կազմելու իր ջանքերուն մէջ:
«Միքաթի ոեւէ մէկուն վերջնական ոչ մէկ յանձնառութիւն խոստացած է, մինչեւ որ կարելի ըլլայ կառավարութեան լրիւ կազմ մը վերջնականացնել: Այս իրականութենէն բացի, ամէն ինչ որ կ՛ըսուի, անճիշդ է», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը:
Նախագահական պալատը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախագահ Աուն կառչած կը մնայ կառավարութեան կազմութեան կանոններուն, եւ այդ իմաստով ալ ան բազմիցս յայտարարեց, թէ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ չի պահանջեր:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ նախագահը դարձեալ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին կառավարութեան կազմութեան արգելակման ամբաստանութիւնը հանրապետութեան նախագահութեան եւ հանրապետութեան նախագահի անձին չվերագրելու` այլոց արարքները ծածկելու նպատակով:
«Կառավարութեան կազմութեան արգելակման փորձերը ծածկելու արարքը արդէն իսկ թիրախ կը դարձնէ այդ փորձերուն մէջ հմտացողները, որոնք կառավարութեան կազմութիւնը, բարեկարգումի գործադրութիւնը եւ փտածութեան դէմ պայքարը կը մերժեն, ինչպէս նաեւ կը միտին հարուածել լիբանանեան պետութեան վստահելիութիւնը եւ աղքատացնել լիբանանցիները: Լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած պայմանները կ՛ենթադրեն բարձրանալ պատասխանատուութեան գերագոյն աստիճանին եւ արագացնել հայրենիքին եւ ժողովուրդին փրկութեան գործընթացը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Աւելի ուշ` երեկոյեան շուրջ ժամը 7:45-ին, նախագահական պալատը հրապարակեց երկրորդ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ իր հրապարակած առաջին հաղորդագրութիւնը վարչապետ Միքաթիի դէմ չէ ուղղուած, այլ անոնց, որոնք նախագահ Աունը կ՛ամբաստանեն կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը պահանջելու յանցանքով:
Այս իմաստով նախագահական պալատէն ուղղակի կապ հաստատուած է վարչապետ Միքաթիի հետ:
Նախագահական պալատին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան իմաստով տակաւին յամեցող թնճուկներուն հանգուցալուծումը անկարելի չէ, եւ այս առումով Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը պիտի շարունակուին, որպէսզի կարելի ըլլայ կիրակի օրուընէ առաջ կառավարութիւն մը կազմել: