«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին նախնական տարբերակ կայ, որ դրուած է ներքին շրջանառութեան մէջ: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Արման Եղոյեան` անդրադառնալով մամուլի մէջ շրջանառուող նախագիծի տարբերակին, որու համաձայն` Հայաստանի նոր կառավարութիւնը բաղկացած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխվարչապետէ եւ 12 նախարարէ, իսկ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը պիտի կրճատուի:
«Գերատեսչութիւններու հետ քննարկելէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ նախագիծի առաջին տարբերակի մասին: Հիմա կայ տարբերակ, որ դրուած է ներքին շրջանառութեան մէջ»,- ըսած է Եղոյեան:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ հրապարակած է «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին տարբերակը, որու համաձայն` նոր կառավարութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխվարչապետէ եւնախարարներէ: Կը կրճատուի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը:
Նախագիծով նախատեսուի ունենալ հետեւեալ 12 նախարարութիւնները`
- Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն
- Առողջապահութեան նախարարութիւն
- Արդարադատութեան նախարարութիւն
- Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն
- Արտաքին գործոց նախարարութիւն
- Բնապահպանութեան նախարարութիւն
- Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւն
- Պաշտպանութեան նախարարութիւն
- Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն
- Բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ռազմարդիւնաբերութեան նախարարութիւն
- Տնտեսական զարգացման եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն
- Ելեւմուտքի նախարարութիւն: