Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան գումարելիք յատուկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի ճշդուի «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն առումով լիբանանեան պետութեան նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելու կամ չկատարելու վերջնական կեցուածքը:
Կառավարութեան նիստին ներկայ պիտի գտնուի վարչապետ Հասսան Տիապ, որուն տեղեկատու գրասենեակը յայտնեց, որ վարչապետը այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին լիբանանցիներուն պիտի ուղղէ պատկերասփռուած խօսք մը:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղուեցաւ գրաւոր մամուլին եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն դիմելու նախագահական պալատ` նախագահ Աունի տեսակէտներուն վերաբերող լուրերուն պարագային:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ այս միջոցին դիմելը կարեւոր է, որպէսզի անճիշդ տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ չդրուին եւ լուրերը տարբեր մեկնաբանութիւններ չստանան:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Նահար» եւ «Նիտա ուաթան» օրաթերթերը սխալ տեղեկութիւններ հրատարակած են նախագահ Աունի մասին, երբ անոր վերագրած են ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմի կողմէ կարգ մը դրամատուներու դէմ տրուած որոշումին հեղինակը ըլլալու հանգամանքը: