Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան զոյգ նիստերու` ցերեկային եւ գիշերային:
Նիստերէն բացակայեցաւ արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուի Իրաք:
Նիստերուն ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծը:
Առաւօտեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ ինչպէս նախանցեալ օրուան Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած նիստին ճշդուած էր, կառավարութիւնը իր նիստերը բաց պիտի պահէ` մինչեւ ամավարկին վաւերացումը:
Ամավարկին բովանդակած տուրքերուն մասին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Հալապի յայտնեց, որ այս փուլին կարելի չէ պատասխանել այդ հարցումներուն, որովհետեւ ամավարկը մէկ ամբողջութիւն է եւ տակաւին անոր քննարկումը չէ աւարտած, որ կարելի ըլլայ արդիւնքներուն մասին խօսիլ:
Հալապի մերժեց անդրադառնալ նաեւ այն հարցումին, թէ ելեւմուտքի նախարարին արտակարգ իրաւասութիւններ շնորհուա՞ծ են:
Կառավարութիւնը իր երեկոյեան նիստը սկսաւ գումարել կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին: Նիստը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 5:30-ին:
Նշենք, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ ինք դժգոհ է այն մօտեցումէն, որ կը ցուցաբերուի 2022-ի պետական ամավարկի օրինագիծը քննարկելու ընթացքին` աւելցնելով սակայն, որ կարեւորը այդ քննարկումներուն հասնելիք վերջնական արդիւնքն է:
Ֆայեատ նշեց, որ պետութեան կողմէ ելեկտրական հոսանքի տրամադրումը գարնան կրնայ բարելաւուիլ: