ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հաւանական հանդիպումի, յատկապէս սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ համաձայնութեան մը մասին տեղեկութիւնները նախորդ շաբաթ իրենց վրայ հրաւիրեցին լուսարձակները, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը դիտել տուաւ, որ ներկայիս նման բան չկայ։
22 Հոկտեմբերէն առցանց մամուլին մէջ չհաստատուած տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ 9 Նոյեմբեր 2021ին Ռուսիոյ նախագահ Փութին, Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը նոր եռակողմ յայտարարութիւններ պիտի ստորագրեն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման, ինչպէ նաեւ՝ տարածաշրջանի երթեւեկի եւ տնտեսական ապաշրջափակման վերաբերող:
Այլ լուրերուն արձագանգեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան՝ նշելով, որ այս պահուն Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ որեւէ հանդիպում չէ նախատեսուած: Ըստ անոր՝ կան տարբեր ձեւաչափերով տարբեր հանդիպումներու առաջարկներ, որոնք քննարկման փուլին մէջ են:
«Ուզում եմ նաեւ ընդգծել, որ այս թեմայի շուրջ որոշ շրջանակների տարածած լուրերը ակնյայտ սադրիչ բնոյթ ունեն եւ իրականութեանը չեն համապատասխանում: Իրավիճակի մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու համար խորհուրդ կը տայի ուսումնասիրել 2021 թուականի Յունուարի 11ի մոսկովեան եռակողմ հանդիպմանը նախորդած լուրերը, պնդումները, «բացայայտումները», ծանօթանալ հանդիպման արդիւնքներին ու բովանդակութեանը եւ յետահայեաց վերլուծել, թէ որքանո՞վ էին համապատասխանում հանդիպումից առաջ տարածուող լուրերը իրականութեանը», նշեց Յունանեան:
Ան նաեւ յիշեցուց, որ վարչապետ Փաշինեան քանի մը անգամ յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակով Ատրպէյճանի հետ վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ անոր հովանիին տակ։
Նոյն ժամանակ, 11 Յունուար 2021ի յայտարարութեան հիման վրայ՝ Հայաստան ներգրաւուած է եռակողմ (Հայաստան, Ռուսիա, Ատրպէյճան) աշխատանքային քննարկումներուն մէջ, որոնք կը վերաբերին տարածաշրջանի փոխադրութեան ուղիներու ապաշրջափակման: Մայիս 2021էն ի վեր եռակողմ ձեւաչափով քննարկուած է նաեւ Հայաստանի տարածքէն Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու դուրսբերումը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմաններու ազատման եւ սահմանագծման գործընթացի հնարաւոր մեկնարկի գաղափարը, որ ցարդ կեանքի չէ կոչուած: Այս գործընթացին օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի միւս երկու համանախագահող երկիրները՝ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը վերը նշուած օրակարգի մասին յայտարարել է դեռ ամիսներ առաջ եւ հետեւողական է լինելու դրա առաջմղման, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի շահերը պաշտպանելու, տեւական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու հարցում», նշեց Վահան Յունանեան:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի»ն կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ մեկնաբանելով Փութին-Ալիեւ-Փաշինեան յառաջիկայ հաւանական հանդիպման մասին լուրը, յայտնեց, թէ եթէ Ռուսիա-Հայաստան-Ատրպէյճան վեհաժողովի գումարման մասին համաձայնութիւն գոյանայ, Քրեմլինը ժամանակին պիտի տեղեկացնէ: «Այն պարագային, եթէ նման համաձայնութիւն գոյանայ, մենք ժամանակին պիտի տեղեկացնենք», յայտնեց Փեսքով:
Յայտնենք, որ հանդիպումին մասին լուրը հրապարակուեցաւ «Ալիք Մետիա»ի եւ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի կողմէ, որոնք նաեւ ակնարկեցին երկու պետութիւններուն միջեւ յայտարարութեան մը հրապարակման։