Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 541-ի, Մահուան Պարագաները` 19-ի, Իսկ Բուժուածները` 60-ի
«Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով լիբանանեան պետութիւնը իր որդեգրած միջոցառումները շարունակեց գործադրել նաեւ երէկ, յատկապէս հսկելով ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պարտադրուած երթեւեկի նոր օրէնքներուն գործադրութեան:
Այս շրջագիծին մէջ երէկ արտօնութիւն ունէին երթեւեկելու միայն այն ինքնաշարժները, մոթորսիքլեթները կամ փոխադրակառքերը, որոնց թիւերուն վերջինը անզոյգ է, հետեւաբար ապահովութեան ուժերը խստօրէն հսկեցին այս օրէնքին գործադրութեան եւ արձանագրեցին տուգանքներ` խախտումներ արձանագրող քաղաքացիներուն դէմ:
Իբրեւ արդիւնք, ներքին ապահովութեան ուժերը յայտնեցին, թէ միայն երէկ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 16:45, արձանագրած են քաղաքացիներու կողմէ կատարուած 1306 խախտումներ` իւրաքանչիւրին սահմանելով 50,000 լ. ոսկի արժողութեամբ տուգանք:
Միւս կողմէ, այսօր լիբանանեան պետութիւնը պիտի գործադրէ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձի Բ. փուլը, որուն ծիրին մէջ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան 4 օդանաւեր այսօր Փարիզէն (ժամը 17:25), Մատրիտէն (ժամը 20:25), Քընշասայէն (ժամը 23:25) եւ Պոլիսէն (ժամը 19:00) Պէյրութ պիտի փոխադրեն արտերկրի լիբանանցիներ:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 541-ի, վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 14 նոր վարակուածներ, ինչպէս նաեւ` մահուան պարագայ մը:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին հրապարակած տեղեկագիրին համաձայն, հիւանդանոցի առողջական մեկուսարաններուն մէջ կը գտնուին 30 վարակուածներ, իսկ 15 վարակուած այլ պարագաներ ուրիշ հիւանդանոցներէ հասած են Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց:
Ըստ հիւանդանոցին հրապարակած տեղեկագիրին, 21 փետրուար 2020-էն ի վեր Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն բուժուած են 60 քաղաքացիներ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ Ապու Տապիէն Լիբանան եկած արտերկրի լիբանանցիներուն «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, թէ անոնցմէ ոչ մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:
Հասան կոչ ուղղեց Պէյրութ ժամանած քաղաքացիներուն` յանձնառու մնալու առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան ճշդած դասաւորումներուն, յատկապէս պանդոկներէն մեկնելու պարագային:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յետմիջօրէին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լակոսէն Պէյրութ հասած լիբանանցիները, որոնք ենթարկուած են «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման բժշկական քննութեան, այդ ժահրով վարակուած չեն: Նախարարութիւնը այլ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց նաեւ, որ Ապիճանէն եկողները եւս վարակուած չեն:
Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ ելեւմտական եւ դրամական զարգացումները: Նիստին ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ տնտեսական փրկութեան ծրագիրը:
Արտերկրի Լիբանանցիներուն Վերադարձը Յաջողութեամբ Կարելի Եղած Է Ապահովել
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձի Ա. փուլը յաջողութիւն արձանագրած է:
Ան հաստատեց, որ հարկ է մանրամասնութիւնները ստուգել` զարգացնելու եւ բարելաւելու համար ապագայի քայլերը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս շաբաթ Լիբանան պիտի հասնին մեծ թիւով այլ լիբանանցիներ եւս:
Հըթթի հաստատեց, որ օդակայանին մէջ բժշկական խնամք ապահովող Լիբանանի կարողութիւնները միայն 400 հոգիի կրնան տրամադրուիլ` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որ աշխարհի բոլոր կողմերէն լիբանանցիները վերադարձնէ հայրենիք: Ան նկատել տուաւ, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն պարագային ալ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան պակաս կայ, «սակայն Լիբանանի մէջ կացութիւնը տակաւին աւելի լաւ է, որովհետեւ կը կատարուին նախազգուշական արշաւներ` ցոյց տալու համար, թէ ո՛վ պէտք է ենթարկուի այդ քննութեան», ըսաւ ան: Նախարարը հաստատեց, որ, հակառակ ամբողջ աշխարհին մէջ տիրող վատ եւ դժուար կացութեան, Լիբանանին օժանդակութիւններ պիտի հասնին:
«Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական միութեան փոխնախագահ Լէյլա Սոլհ Համատէ երէկ Հըթթիի յայտնեց, որ միութիւնը պիտի ստանձնէ Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եւ Սպանիայէն լիբանանցի ուսանողներու Պէյրութ փոխադրութեան երեք թռիչքներու ծախսը:
Լէյլա Սոլհ Համատէ ընդգծեց կարեւորութիւնը ուսանողներուն կարելիութիւն տալու միանալու իրենց ընտանիքներուն, յատկապէս անոնք, որոնք, տիրող ներկայ պայմաններուն իբրեւ հետեւանք, ի վիճակի չեն հոգալու իրենց ծախսերը:
Իր կարգին, Հըթթի շնորհակալութիւն յայտնեց Լէյլա Սոլհ Համատէի ազգային իր այս կեցուածքին համար` նշելով, որ ինք համապատասխան կողմերուն հետ հարկ եղած հաղորդակցութիւնները կը կատարէ` դիւրացնելու համար այդ ուսանողներուն վերադարձը:
Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան գնահատեց կառավարութեան կողմէ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանան վերադարձնելու ջանքերը: Ան դրուատեց նաեւ պաշտօնական եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւնները, որոնք կը գործակցին պետութեան հետ` ժողովուրդին կարիքները ապահովելու համար: Տըրիան ընդգծեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն իրաւունքն է Լիբանան վերադառնալ: «Պէտք է ապահովել տունդարձը այն ուսանողներուն, որոնք կը փափաքին վերադառնալ Լիբանան, որովհետեւ անոնք են Լիբանանի ապագան», յայտնեց ան:
Մոհամետ Հութ. «Միտըլ Իսթ» Ընկերութիւնը Լիբանանեան Պետութեան Չի Պատկանիր»
«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներում հայցեց ընկերութեան պաշտօնեաներէն, որոնք իրենք զիրենք վտանգի կ՛ենթարկեն` արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու նպատակով:
Հութ հաստատեց, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը առեւտրական ընկերութիւն մըն է, որ լիբանանեան պետութեան չի պատկանիր: «Մենք առեւտրական ընկերութիւն մըն ենք, որ կը գործէ` առեւտուրի միջազգային օրէնքներուն համաձայն: Ընկերութիւնը ունի տնօրէն խորհուրդ մը, որ կը զբաղի վարչական հարցերով, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ժողով, որ հաշուետուութեան կը կանչէ զայն», շեշտեց Հութ:
Ան նկատել տուաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան բաժնետոմսերուն 99 առ հարիւրը ունի: «Մենք լիբանանեան ազգային հաստատութիւններուն մէջ մայր հաստատութիւն ենք, որ լիբանանեան խորհրդանիշ Մայրիով ամբողջ աշխարհը կը շրջինք: Իսկ այն արտայայտութիւնը, թէ մենք պետական հաստատութիւն ենք` 100 տոկոսով անճիշդ է», յայտնեց ան:
Հութ հաստատեց, որ «Միտըլ Իսթ» ընկերութիւնը հսկայական վնասներ կը կրէ` Պէյրութի միջազգային օդակայանին փակ ըլլալուն պատճառով: «Ոչ իսկ մեր մտքով անցած էր, որ օր մը օրանց կրնանք «Քորոնա»-ի համաճարակին ստեղծած ճգնաժամային պայմանները դիմագրաւել: Քաջ գիտենք, որ «Քորոնա» ժահրէն առաջ եւ վերջ տիրող պայմանները նոյնը պիտի չըլլան: Ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապները հարուածած են քաղաքացիները, եւ, այդ կացութեան իբրեւ հետեւանք, մենք պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք մեր ռազմավարութիւնները եւ պահենք 18 տարուան ընթացքին մեր վաստկած գումարները», ըսաւ ան:
Հութ նկատել տուաւ, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան պաշտօնեաները աշխատանքէ արձակել: «Մենք շրջանցած ենք բազմաթիւ դժուարութիւններ, սակայն այս դժուարութիւնը մեծագոյնն է: Այսօրուան պատահածը աւելի վտանգաւոր է, քան յուլիսեան պատերազմի կացութիւնը, եւ պէտք է առաջնորդուիլ սերտուած ծրագիրներով», ըսաւ ան:
Հութ աւելցուց, որ «Միտըլ Իսթ» ընկերութիւնը չի կրնար արտերկրի լիբանանցիները ձրիաբար Լիբանան փոխադրել: «Այս իմաստով ընկերութիւնը չի կրնար յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրել, որովհետեւ ան այս թռիչքներէն շահեր չ՛ապահովեր: Բայց եւ այնպէս, ընկերութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց վճարումի ի վիճակի չեղող ուսանողներուն օդանաւային տոմսին 50 առ հարիւր զեղչ մը տրամադրել», յայտնեց ան:
Շուէյֆաթի Մէջ Դեղագործներու Նստացոյց
Միւս կողմէ, Շուէյֆաթի մէջ Ղովմի կուսակցութիւնը կազմակերպեց բողոքի նստացոյց մը, որուն մասնակցեցան դեղագործները` առ ի զօրակցութիւն դեղագործներու սենտիքային:
Անոնք խստիւ դատապարտեցին դեղարաններուն դէմ գործուող աւազակութիւնները, յատկապէս Շուէյֆաթի մայրուղիին վրայ «Նանա» դեղատան մէջ եղած գողութիւնը:
Անոնք կոչ ուղղեցին ապահովութեան ուժերուն` հարկ եղած բոլոր միջոցառումները որդեգրելու` պաշտպանելու համար դեղարաններն ու առողջապահութեան մարզին կապուած բոլոր հաստատութիւնները:
«Որեւէ դեղարանի կամ առողջապահական հաստատութեան դէմ գործուած յարձակում` լիբանանեան ընկերութեան դէմ գործուած յարձակում է: Բժիշկները, հիւանդապահներն ու դեղագործները իրենք զիրենք վտանգի կ՛ենթարկեն ժողովուրդին առողջապահութիւնը երաշխաւորելու համար, հետեւաբար քաղաքացիին նուազագոյն պարտականութիւնն է, որ ան հսկէ անյայտ այդ զինուորներուն առաքելութեան», հաստատեցին դեղագործները: