Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին կառավարութիւնը վերջին բարեփոխումները կատարեց` աշխատանքային ծրագիրի մշակումին շրջագիծին մէջ:
Ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Ատրա, նախարարներ Տըմիանոս Քաթթար, Ղազի Ուազնի, Նասիֆ Հըթթի, Ռաուլ Նեհմէ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Իմատ Հուպալլա, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Թալալ Հաուաթ, Մարի Քլոտ Նաժըմ եւ Մանալ Ապտել Սամատ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ եւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:
Յանձնախումբի նիստին մասին տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երեկոյեան ժամը 7:30-ին կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ յառաջիկայ հինգշաբթի օր կառավարութիւնը պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացնէ իր աշխատանքային ծրագիրը` իր վերջնական ձեւին մէջ եւ զայն պիտի փոխանցէ խորհրդարանին` պահանջելով անոր վստահութեան քուէն:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը չ՛որդեգրեր աշխատանքային ծրագիրի նախագիծ կոչուած որեւէ ծրագիր, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է:
Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին առանցքը կը կազմեն ապրուստի, տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ ընկերային տագնապները, որոնք կը ճնշեն քաղաքացիին առօրեային վրայ:
Մանալ Ապտել Սամատ հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը բովանդակէ տուրքերու բարեփոխումներ:
«Մենք մեր միտքերը կատարեալ լրջութեամբ կ՛արծարծենք եւ կը հաւատանք անոնց գործադրութեան անհրաժեշտութեան: Իսկ խորհրդարանը ինք կ՛որոշէ վստահութիւն շնորհել կամ ոչ», հաստատեց Ապտել Սամատ:
Միւս կողմէ, Տիապ նախագահեց նաեւ ելեւմտական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ղազի Ուազնի, Տըմիանոս Քաթթար, Իմատ Հուպալլա, Ռաուլ Նեհմէ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ եւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ:
Վարչապետ Տիապի այցելեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք հանգիստ դուրս եկած է վարչապետարանէն` աւելցնելով, որ Տիապի նշանակումը Լիբանանի փրկութեան համար իսկական առիթ է:
Ուահապ նկատել տուաւ, որ ամէնէն կարեւորը այն է, որ վարչապետ Տիապ լիբանանցի քաղաքացիներուն կարիքները հոգալու ամբողջական ծրագիր ունի:
ՆՇԵՆՔ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ստորագրեց 2020-ի պետական ամավարկը եւ զայն փոխանցեց վարչապետին: Իր կարգին, վարչապետ Տիապ ստորագրեց պետական ամավարկը եւ զայն փոխանցեց հանրապետութեան նախագահին: