Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ելեւմտական եւ տնտեսական կացութեան վերաբերող զարգացումները:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պաշտպանելու համար լիբանանցիները` առանց իր պարտականութիւններուն մէջ բացթողումներ արձանագրելու:
Կառավարութեան գնահատումով ընդհանուր զօրաշարժի յայտարարութիւնը լիբանանցիներուն մօտ հանգստութիւն յառաջացուցած է:
Ապտել Սամատ նշեց, որ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան կառավարութեան պիտի ներկայացնէ կառավարական հիւանդանոցներու շարք մը, որոնք կրնան «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւ առողջապահական ապահովագրութիւն չունեցող պարագաները անվճար բուժել:
Ան շեշտեց, որ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու յատուկ ֆոնտ մը, որուն կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել:
Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը բժիշկներուն եւ դեղարաններուն պարագային շուրջօրեայ դրութեամբ ծառայութիւն մատուցելու նպատակով յստակ ժամանակացոյց պիտի ճշդէ` բոլոր շրջաններուն մէջ:
«Կառավարութիւնը որոշեց քաղաքապետարաններուն մէջ տագնապի յատուկ բջիջներ յառաջացնել` ընդառաջելու համար ժողովուրդի պահանջներուն», ըսաւ ան:
Ապտել Սամատ նշեց, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը պիտի հետեւի ապրանքներու սղաճին եւ այդ իմաստով համապատասխան քայլերու պիտի դիմէ, որպէսզի լիբանանցիները, յատկապէս լիբանանցիներուն համեստ դասակարգը չտուժեն: Ան յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշ պատկերացում մը ունեցած է նաեւ սարակներուն վերաբերող հարցերը լուծելու:
Կառավարութեան նիստէն ետք, վարչապետ Տիապ նախագահեց «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու յատուկ յանձնախումբի նիստին:
Միւս կողմէ, Տիապ երէկ կէսօրին նախագահեց աղբահանման յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցան քննարկուիլ երկրին աղբահանումի տագնապը լուծելու կարելիութիւնները:
Վարչապետ Տիապի այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինի:
Քննարկուեցան Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի տարբեր կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով` ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանին օժանդակութիւններ տրամադրելու կարելիութիւնները: