Լիբանանի Մէջ «Քորոնա»-ով Վարակուածներուն Թիւը
Կը Հասնի 663-ի, Մահերը Կը Մնան 21, Իսկ Բուժուածները` 85-ի
«Քորոնա» համաճարակի տարածումի դիմակայումը կը շարունակուի Լիբանանի մէջ:
Լիբանանեան պետութիւնն ու ապահովութեան ուժերը կը հսկեն, որ բնակարանային մեկուսացումն ու կրակմարի դրութիւնը լաւապէս յարգուին` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը:
Ընդհանուր զօրաշարժը պարտադրելու շրջագիծին մէջ, երէկ լիբանանեան բանակը փակեց դէպի Աննայա` Մար Շարպելի ուխտատեղին առաջնորդող բոլոր մուտքերը, ինչպէս նաեւ Հատաթի մէջ շրջուն ջոկատներու միջոցով կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն` մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 663-ի, վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 5 նոր վարակուածներ: Ըստ նախարարութեան, նոր վարակուածները Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներ են` աւելցնելով, որ Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներուն մէջ վարակուածներ չկան:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ երէկ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ոչ ոք մահացած է, հետեւաբար մահացողներուն թիւը կը մնայ 21, իսկ բուժուածներունը հասած է 85-ի:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին տեղեկութիւններուն համաձայն, կայ 1 պարագայ, որ առողջական խոցելի վիճակի մէջ է: Ըստ հիւանդանոցին, առողջական մեկուսարաններուն մէջ կան 31 վարակուածներ, իսկ 13 ուրիշներ տարբեր հիւանդանոցներէ հասած են Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց:
Երեկոյեան Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը յայտնեց, որ իր բժիշկներէն մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է` աւելցնելով, որ ան առողջական մեկուսարանի մէջ կը գտնուի եւ անոր ընկերակցող հիւանդապահներուն անձնակազմը, հիւանդներն ու ամբողջ յարկը ենթարկուած են «Փի. Սի. Ար.» քննութեան, իսկ յարկն ու վերելակները ամբողջութեամբ հականեխուած են:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանին տրամադրած «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման «Փի. Սի. Ար.» բժշկական քննութեան յատուկ փոխադրակառքը, անցեալ երկուշաբթի օր` Քըպեյյաթի մէջ կատարած էր 114 քննութիւն, որոնց բոլորին արդիւնքները ժխտական էին:
Վարչապետ Տիապի Խօսքը
«Քորոնա» ժահրին պատճառած տագնապին եւ անոր նախորդող շրջանին երկիրը արդէն իսկ հարուածող տնտեսական տագնապին մասին, վարչապետ Տիապ երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ինք կը հաւատայ արդար պետութեան: «Պետութեան մը, ուր անձնական եւ որոշ խմբաւորումներու շահեր չկան, ուր կայ հաստատութիւններու տրամաբանութիւնը, եւ կ’ամրապնդուի պատասխանատու դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք երէկ ստորագրած է դատական իշխանութեան նշանակումները:
Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ ինք կը վստահի այն կառավարութեան, որ կը յարգէ ժողովուրդին իրաւունքները, ինչպէս նաեւ անոնցմէ կը պահանջէ իր իրաւունքները: «Պետութիւն մը, որ կը յարգէ կարողութիւնները եւ ատակութիւնը: Այդ պատճառով ալ պիտի ստորագրեմ Քաղաքացիական ծառայութեան տարբեր մարզերուն վերաբերող քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրողներուն հաստատագիրը, երբ ան պատրաստ ըլլայ», ըսաւ Տիապ:
Ան հաստատեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ տարածուած «Քորոնա»-ի համաճարակը մեզի կը պարտադրէ ընկերային եւ ելեւմտական յաւելեալ ճնշումներ, ինչպէս նաեւ մեր առօրեային վրայ ինքզինք կը պարտադրէ` իբրեւ անխուսափելի օրակարգ` փոխելով մեր կենցաղը, ապրելակերպը եւ մեզ բանտարկելով մեր բնակարաններուն մէջ, սակայն այս բոլորը դիւրին կը թուին հարազատներ եւ սիրելիներ կորսնցնելու իսկական վտանգներուն դիմաց:
«Հետեւաբար տարազը յստակ է` կա՛մ մասնակի կերպով մեր ազատութիւնը կը կորսնցնենք, եւ կամ` մենք զմեզ ու մեր սիրելիները: Կը հաստատեմ, որ ձեր ապահովութիւնը եւ առողջական անվտանգութիւնը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, եւ այդ իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դնենք կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը», ըսաւ Տիապ:
Ան աւելցուց, որ, հակառակ իր նիւթական սահմանափակ կարողութիւններուն, Լիբանանի վարուելակերպը եւ որդեգրած միջոցառումները կարգ մը երկիրներէ շատ աւելի լաւ էին, հետեւաբար «քաղաքացիներէն պիտի խնդրեմ շարունակել բնակարանային մեկուսացումը, ինչպէս նաեւ յարգել ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը»: «Կոչ կ’ուղղեմ բոլորիդ` համբերութեամբ զինուելու, որովհետեւ լիբանանցիներուն ունեցած արտակարգ ուժը հիմնասիւնն է մեր արձանագրելիք յաջողութեան», հաստատեց վարչապետը:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը արտերկրի իր քաղաքացիները պիտի վերսկսի Պէյրութ փոխադրել 27 ապրիլէն:
Անդրադառնալով տնտեսական իրավիճակին` վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը հսկայ հարուածներ հասցուցած է աշխարհի բոլոր երկիրներու տնտեսութեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի պարագային այդ համաճարակէն առաջ արդէն իսկ տնտեսական կացութիւնը խոցելի էր: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը արդէն իսկ մշակած է ելեւմտական բարեկարգումի իր ծրագիրը, որուն վերջնականացման սեմին կը գտնուի` կարենալ միջազգային դրամական հաստատութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ երկրին նիւթական արտաքին պարտաւորութիւնները վերադասաւորելու:
Տիապ դիտել տուաւ, որ լիբանանեան պետութեան համար երկրին հիւանդանոցներուն ծախսերը հոգալը առաջնահերթութիւն է, եւ անոր փոխարէն բնաւ պիտի չնախաձեռնէ նիւթական արտաքին իր պարտաւորութիւնները կատարելու: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին պատճառով դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն 98 առ հարիւրը պիտի չտուժէ:
Տիապ ընդգծեց, որ ինք առաջին օրէն սկսեալ որդեգրած է քաղաքական բանավէճերէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութիւնը: «Լիբանանի դիմագրաւած խոր եւ բարդ տագնապները մեծ ճիգեր կ’ենթադրեն, զանոնք լուծելու եւ այդ տագնապներուն հետեւանքները նուազեցնելու կամ կանխելու իմաստով, հետեւաբար ոչ մէկ ձեւով պիտի սայթաքիմ երեւակայական վէճերու եւ պայքարներու մէջ: Մենք այսօր կարիքը ունինք լիբանանեան պետութեան յղացքը վերահաստատելու: Պետութիւն մը, որ բոլորէն վեր է: Իմ անձնական բառարանիս մէջ պետութիւնը հոմանիշ չունի, այլընտրանք չունի, կարելի չէ զայն մասնատել եւ կարելի չէ անոր տարբեր մեկնաբանութիւններ սահմանել», հաստատեց վարչապետ Տիապ:
Ան շեշտեց, որ պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը զայն կը հզօրացնէ եւ անձեռնմխելի կը դարձնէ: «Լիբանան ձեզմով աւելի հզօր է, ձեր ջանքերով` աւելի կարող է դիմակայելու իր հսկայ տագնապները: Պետութեան կերտումը կարիքը ունի պատկանելիութեան, անկեղծութեան, թափանցիկութեան, նուիրումի, համագործակցութեան եւ անհատականը զանց առնելու սիւներուն: Վստահ եմ, որ լիբանանեան պետութիւնը աւելի եւս պիտի հզօրանայ ձեր որոշումով եւ ձեր ճիգերով, ինչպէս նաեւ քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ զարտուղի երեւոյթներու ջնջումով», եզրափակեց վարչապետ Տիապ:
Կառավարութեան Նիստ
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նախքան նիստին գումարումը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւններն ու կառավարութեան արծարծելիք հարցերը:
Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ նիստէն ետք յայտնեց, թէ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է 2020-ի պետական ամավարկին կողքին 450 միլիառ լ. ոսկիի արժողութեամբ հաշիւ մը որդեգրել` վճարելու համար անձնական հիւանդանոցներուն իրաւունքները: Այդ օրինագիծը կառավարութիւնը փոխանցած է խորհրդարանին, որուն գումարելիք օրէնսդրական նիստին ընթացքին վաւերացում պիտի ստանայ:
Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ 45 նոտարներու պաշտօններ ստեղծել` բան մը, որ 20 տարիէ ի վեր չէ կատարուած:
Կառավարութիւնը արդարութեան նախարարութեան պարտականութիւն տուաւ ճշդելու այն գործնական քայլերը, որոնք պէտք է որդեգրուին պետական հաստատութիւններուն մէջ տիրող փտածութիւնը բացայայտելու եւ յանցագործները, այլ խօսքով` փտածները հաշուետուութեան կանչելու համար, ինչպէս նաեւ խնդրեց, որ այդ գործիքակազմին մասին զեկուցում տրուի կառավարութեան:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի զեկուցեց, որ ինք միջազգային ընկերութեան մը հետ խորհրդակցած է Կեդրոնական դրամատան 2019-ի եւ 2020-ի հաշիւները ստուգելու նպատակով, իսկ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի նիստին ընթացքին ներկայացուցած է կառավարութեան մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին բովանդակած կարգ մը կէտերուն մասին միջազգային կազմակերպութիւններու արտայայտած դրական կեցուածքները: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է նաեւ տակաւին մշակումի ընթացքին մէջ եղող ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն աշխատանքը քննադատող կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ, իրենք են, որ տարիներ շարունակ բզկտած են պետութիւնը եւ գործած ելեւմտական ու ոչ-ելեւմտական օրինազանցութիւններ, որոնց իբրեւ հետեւանք Լիբանանի արտաքին պարտքը աւելի քան 92 միլիառ տոլարի վերածուած է: «Կարելի չէ լուռ մնալ օրըստօրէ զարգացող այս ամբաստանութիւններուն ի տես: Պէտք է ճշմարտութիւնը բացայայտել, որպէսզի լիբանանցիները իրենք ըլլան վճռողները», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ յետ այսու կարելի չէ լիբանանեան պետութեան հասցէին անհիմն քննադատութիւն ընդունիլ` կոչ ուղղելով կառավարութեան անյապաղ աւարտելու ելեւմտական մարզը բարեկարգելու ծրագիրի մշակումը, աշխատելու, որ Լիբանանի նուիրուած եւ Լիբանանէն իւրացուած գումարները վերադառնան լիբանանեան պետութեան, ինչպէս նաեւ պայքարելու փտածութեան եւ ապօրինի հարստացումին դէմ:
Իր կարգին վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի Ա. փուլը յաջողութեամբ աւարտած է` աւելցնելով, որ 26 ապրիլին պիտի սկսի Բ. փուլը:
Անդրադառնալով ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն բաժնուելիք նիւթական օժանդակութիւններուն` վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ ընտանիքներուն անուանացանկերուն մէջ բացայայտուած են հսկայ խախտումներ, ինչպէս նաեւ պարզուած են ընտրական հաշիւներ, հետեւաբար անոնք պէտք է ուղղուին, որպէսզի օժանդակութիւնը իր նպատակին ծառայէ, «անշուշտ չեմ գիտեր, եթէ այս է պատճառը, որ այսօր կառավարութեան դէմ ցեխարձակումի արշաւ մը սկսած է», աւելցուց Տիապ:
Տիապ յայտնեց, որ ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին մասին քննարկումները կ’աւարտին յառաջիկայ շաբաթասկիզբին:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապ երէկ ստորագրեց քաղաքային դատական իշխանութեան նշանակումները, իսկ արդարութեան նախարար Մարի Քլոհ Նաժըմ` զինուորական դատական իշխանութեան նշանակումները` զայն փոխանցելով պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրի:
Հարկ է աւելցնել, որ բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ երէկ, նախքան կառավարութեան նիստին գումարումը, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` խնդրելով, որ հիւանդանոցներուն եւ բժիշկներուն իրաւունքը նկատուող 600 միլիառ լ. ոսկիի գումարը, որ 2019-ի պետական ամավարկի մէջ խոստացուած էր, սակայն չէր յատկացուած` տրուի իրենց: Ապու Շարաֆ նախագահ Աունէն խնդրեց, որ այս հարցը նախագահ Աուն կառավարութեան նիստին ընթացքին օրակարգէ դուրս արծարծէ, որովհետեւ հիւանդանոցներուն իրավիճակը բաւական վատ է, եւ անոնք կրնան հերթաբար իրենց դռները փակել: Նախագահ Աուն խոստացաւ այս հարցը անպայման արծարծել կառավարութեան նիստին` նեցուկ կանգնելու համար բժշկական անձնակազմերուն, որոնք այս դժուար օրերուն կը պայքարին «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ:
Նիստէն ետք Ապու Շարաֆ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի եւ կառավարութեան, որոնք ընդառաջեցին իր կոչին եւ բժշկական մարզին խոստացուած 600 միլիառ լ. ոսկիէն 450 միլիառը տրամադրեցին հիւանդանոցներուն եւ բժշկական անձնակազմերուն: Ան աւելցուց, որ ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ կառավարութեան այս որոշումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ բժշկական մարզին մէջ գործող անձնակազմերուն վրայ:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ ուրբաթ, 1 մայիս 2020-ին, Լիբանանի մէջ պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ կը մնան` Աշխատաւորներու տօնին առիթով:
Միւս կողմէ, մինչ կառավարութիւնը իր նիստը կը գումարէր, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց եռօրեայ օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի գումարուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ` վաւերացնելու համար խորհրդարանին ներկայացուած շարք մը օրինագիծեր:
Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերը պիտի գումարուին երեքշաբթի 21, չորեքշաբթի 22 եւ հինգշաբթի 23 ապրիլին:
Համատ Հասան Ստանձնեց Լիբանանին Տրամադրուած Չինական Եւ Քաթարական Բժշկական Օժանդակութիւնները
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան` ստանձնելու համար Չինաստանի դեսպանատան նուէրը:
Հասանի ընկերակցեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար:
Հասան ողջունեց Պէյրութի միջազգային օդակայանի բոլոր անձնակազմը, ինչպէս նաեւ հաստատեց լիբանանցի եւ չինացի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ, հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն եւ տնտեսական տագնապին, Լիբանան փաստեց իր պատասխանատուութիւնը` ներկայ դժուար փուլը դիմակայելու:
Հասան հաստատեց, որ երբ մարդ արարածը կը նուիրէ, ապա ան սիրտէն կը նուիրէ: Ան ըսաւ, որ Լիբանան «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.» քննութեան յաւելեալ կարելիութիւն ստացած է Չինաստանէն` աւելցնելով, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ կատարուած քննութիւններուն արդիւնքները լաւատեսութիւն կը ներշնչեն:
Ան ընդգծեց, որ միացեալ գործակցութիւնը կը փարատէ դժուարութիւնները` շեշտելով, որ առանց իրարու օժանդակութեան ձեռք երկարելու անկարելի է շրջանցել «Քորոնա» ժահրին դիմակայելու այս փուլը: «Մեր կատարած աշխատանքը սպիտակ պատկերի վրայ գծուած է, եւ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնենք, որ հայրենիքին պատմութեան մէջ այդ սպիտակ պատկերը պահպանենք», ըսաւ Հասան:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Համատ Հասան դարձեալ ուղղուեցաւ օդակայան եւ ստանձնեց քաթարեան իշխանութիւններուն կողմէ Լիբանանի նուիրուած բժշկական օժանդակութիւնները:
Նշենք, որ Հասան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ անձնական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութեան հետ, ներկայութեամբ` սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարունի: Հանդիպումին ընթացքին Հասան շեշտեց առողջապահական սեփական մարզին տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը` առողջապահական պետական մարզին հետ գործակցութեան շրջագիծին մէջ:
«Ճիշդ է, որ տնտեսական պայմանները կը ճնշեն հիւանդանոցներուն եւ բժշկական անձնակազմերուն վրայ, սակայն կառավարութիւնն ու առողջապահութեան նախարարութիւնը նախանձախնդիր կը մնան առողջապահական մարզը զերծ կացուցելու ամէն տեսակի տարակարծութիւններէ», ըսաւ ան` հաստատելով, որ բոլորն ալ համաձայն են բժշկական անձնակազմերուն իրաւունքները տրամադրելու:
Իր կարգին, Հարուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հասանի` հիւանդանոցներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ զօրակցութեան համար:
Ֆահմի Կը Հերքէ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ հերքեց ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ որոշ մարզերու համար ուրբաթ, 20 ապրիլը աշխատանքային սովորական օր մը պիտի ըլլայ: Ան ըսաւ, որ ատիկա անճիշդ է եւ իր ժխտական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ երկրին վրայ, յատկապէս «Քորոնա»-ի համաճարակի օրերուն:
Նշենք նաեւ, որ երէկ յետմիջօրէին Ֆահմի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց երեսփոխան Մոհամետ Մաշնուքը, որմէ ստացաւ մէկ միլիոն տոլարի եւ մէկ միլիառ լ. ոսկիի գումար մը, որ յատկացուած էր Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան` բանտերու վերակառուցման եւ բանտերուն մէջ տիրող պայմաններուն բարելաւման նպատակով:
Ֆահմի շնորհակալութիւն յայտնեց Մաշնուքի, որ «Բանտերու վերանորոգման լիբանանեան միութեան» կողմէ յատկացուած գումարը փոխանցած է նախարարութեան` բարձր գնահատելով անոր նախաձեռնութիւնը:
Հըթթի. «26 Ապրիլէն Ետք Միացեալ Նահանգներէն Լիբանանցիներ Պիտի Վերադառնան Լիբանան»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը որոշած է 26 ապրիլէն ետք յատուկ թռիչքներ յատկացնել Միացեալ Նահանգներէն լիբանանցիները փոխադրելու Լիբանան: Ան հաստատեց, որ Մ. Նահանգներու մէջ գտնուող արտերկրի լիբանանցիները, որոնք կը փափաքին տունդարձ կատարել, Պէյրութ պիտի հասնին եւրոպական կամ արաբական երկրի մը ճամբով` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի փորձէ Քանատայի հետ ուղղակի թռիչքներ հաստատել` հոն գտնուող լիբանանցներուն տունդարձին նպատակով: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը յաւելեալ խստութեամբ պիտի հետապնդէ ընդհանուր զօրաշարժի գործադրութիւնը` աւելցնելով, որ կը նախատեսուի, որ 26 ապրիլէն ետք ընդհանուր զօրաշարժը դարձեալ երկու շաբաթով երկարաձգուի: