Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի հոգայ գրող Լեւոն Խեչոյեանի եւ Երեւանի թատրոնի ու շարժապատկերի պետական հիմնարկի ղեկավար Արմէն Մազմանեանի բուժման ծախսերը: Այս մասին կառավարութիւնը որոշում տուած է 19 Դեկտեմբերին գումարած նիստին ընթացքին։
Լեւոն Խեչոյեանի բուժման համար յատկացուած է 20, իսկ Մազմանեանի համար՝ 10 հազար եուրոյի համարժէք դրամ: Գրող Լեւոն Խեչոյեանը բուժման նպատակով Գերմանիա կը գտնուի, ան վիրահատութեան ենթարկուած է եւ պէտք է տեղափոխուի Հայաստան: Իսկ Մազմանեանի խնդիրներուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը տակաւին ամբողջական չէ, սակայն նշուած է, որ ան քաղցկեղէ կը տառապի:
Արմէն Մազմանեան եւս Հայաստանէն դուրս կը գտնուի եւ նախատեսուած է, որ վերադառնայ 20 Դեկտեմբերին։