Հայաստանի կառավարութիւնը ջնջեց ռազմական դրութեան մէջ տեղ գտած հաւաքներու եւ գործադուլներու դէմ հաստատուած արգելքը, Հայաստանի տարածքը մուտքի եւ ելքի յատուկ պայմանները, ինչպէս նաեւ հրապարակումներու, հաղորդումներու սահմանափակումները:
Հայաստանի մէջ ռազմական դրութիւնը յայտարարուած էր 27 սեպտեմբերին՝ Արցախի հանրապետութեան վրայ թուրք-ազերիական պատերազմին լոյսին տակ: