Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 29 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւնները:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին նախագահ Աուն Ռամատանի առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, ի մասնաւորի` իսլամները` մաղթելով, որ անիկա ըլլայ բարիքի ու ներողամտութեան ամիս մը, հակառակ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական ծանր պայմաններուն:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Անսարի մէջ տեղի ունեցած անարգ սպանդին, եւ բարձր գնահատեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան ճիգերը` ոճրագործները ձերբակալելու իմաստով:
Ան ընդգծեց հետաքննութիւնը արագ կերպով կատարելու եւ ոճրագործները հաշուետուութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն կառավարութեան ներկայացուց նաեւ Հռոմ եւ Վատիկան կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ որեւէ հարցի քննարկման պարագային կարելի չէ միանձնեայ որոշումներու մասին խօսիլ, այնքան ատեն որ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն ի վերջոյ պիտի ներկայացուի կառավարութեան եւ պիտի քննարկուի խորհրդարանին մէջ:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը կը զօրակցի Լիբանանի կառավարութեան` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդին նպատակն է պաշտպանել ժողովուրդը եւ վերակենդանացնել տնտեսութիւնը:
Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը` զայն կարգ մը բարեփոխումներու ենթարկելէ ետք:
Փոխվարչապետ Սաատէ Շամի յայտնեց, որ որդեգրուած բարեփոխումները փոքր բարեփոխումներ են եւ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծին էութենէն բան չեն փոխեր:
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ հաստատեց, որ ցորենի ներածումը հեզասահ կերպով կը կատարուի, իսկ երկրին մէջ եղած շաքարի ու ձէթի պահեստը երկու ամիս կը բաւարարէ:
Միւս կողմէ, երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ ցորենի ցանքի ծրագիրին` աւելցնելով, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանան պիտի կարենայ իր օգտագործած ցորենին 30 առ հարիւրը ապահովել: