Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը վաւերացուց 2021-ի պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ որոշեց ամէնօրեայ դրութեամբ կառավարութեան նիստեր գումարել վարչապետարանին մէջ, որպէսզի ամբողջացնէ 2022-ի պետական ամավարկի մշակումը` դիւրացնելու համար զայն խորհրդարանին ներկայացնելու հոլովոյթը:
Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ ընկերային կարգ մը օժանդակութիւններ, որոնց շարքին` պետական մարզին մէջ գործող պաշտօնեաներուն յաւելեալ ամսականի կամ յաւելումի շնորհումը, փոխադրածախսի ճշդումը` պետական մարզի պաշտօնեաներուն օրական 64 հազար լ. ոսկի, իսկ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն` օրական 65 հազար լ. ոսկի:
Կառավարութիւնը ամսական յաւելում ճշդեց նաեւ զինուորականներուն, ապահովական կառոյցին, ինչպէս նաեւ պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերուն կասեցումը ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է գործադիր իշխանութեան գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ հետեւանքներ կուտակած է ամբողջ երկրին կացութեան վրայ:
Ան հաստատեց, որ նախորդ ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ պատահածը հակասահմանադրական էր:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երբ կառավարութիւնը հրաժարած չէ, ապա հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը չեն կրնար արտակարգ հրամանագիրներ հրապարակել:
Հանրապետութեան նախագահը պահանջեց սերտել քաղաքացիներուն ապրուստին վերաբերող հարցերը, ապա քննարկել օրակարգի վրայ եղող այլ կէտերը:
Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կանխող ժամանակը բաւական նեղ է` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն լուծելու համար այն հիմնական հարցերը, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են քաղաքացիներուն առօրեային, ինչպէս` ելեկտրականութեան հոսանքը, ամավարկը, բնական կազի եւ նաւթի Լիբանան փոխադրութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստերը հարուստ պիտի ըլլան նախարարութիւններուն եւ պետական վարչութիւններուն յատուկ թղթածրարներուն քննարկումներով:
Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի նիստէն ետք յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմած է Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդը` նախագահութեամբ դատախազ Քլոտ Քարամի, փոխնախագահ` իրաւաբան Ֆաուազ Քապպարա, անդամներ` դատախազ Թերեզ Ալլաուի, Ալի Պատրան, Ճօ Մաալուֆ եւ Քլէյպ Քլէյպ:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Հալապի յայտնեց, որ Լիբանանի ստացած քուէյթեան յուշագիրին պատասխանը վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին աշխատանքին մաս կը կազմէ:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ իրենք քուէյթեան յուշագիրին քննարկումին անմիջապէս պիտի սկսին, եւ մինչեւ շաբաթ օր իրենց պատասխանը պատրաստ պիտի ըլլայ:
ՆՇԵՆՔ, որ երեկոյեան նախարարաց խորհուրդը սկսաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր առցանց բանակցութիւններուն: