Մարոքէն մինչեւ Իրաք արաբական աշխարհը կþապրի ընկերային, քաղաքական յեղաշրջում£ ՙՊաղ պատերազմ՚ը աւարտեցաւ, Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ, Վարշավեան Ուխտը լուծարքի ենթարկուեցաւ, Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցան քաղաքական, աշխարհագրական փոփոխութիւններ յառաջացած տնտեսական քաղաքական դաշինքներ: ՆԱԹՕ-ն եւ Եւրոպական Միութիւնը ընդլայնեցան£ Միջազգային այս փոփոխութիւնները անցնող տարիներու ընթացքին իրենց ներազդեցութիւնը սկսան ունենալ արաբական աշխարհի հասարակապետութիւններուն եւ միապետութիւններու վրայ:
Քաղաքական նոր քարտէս մը սկսած է գծուիլ արաբական աշխարհին մէջ: Արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցող այսպէս կոչուած գարնանային յեղափոխութիւնը համանման չէ իրենց խորքով, պատճառներով եւ բնոյթով կը տարբերին իրարմէ: Վարչակարգերու փոփոխութիւնները բոլորին պարագային£ Կարգ մը յեղաշրջումներու տակ պահուած են քաղաքական, համայնքային պատճառներ: Անոնք առնչութիւն չունին ժողովրդային պոռթկումներու, ընվզումներու կենսամակարդակի բարելաւման եւ կամ բարեկարգութիւններու համար: Այսուհանդերձ, ինչպէս ալ ըլլայ անոնց խորքը, արաբական աշխարհը պիտի չըլլայ միեւնոյնը£ Ան պիտի չունենայ իր երէկի դիմագիծը:
Ապահովական, քաղաքական յղի եւ անկանխատեսելի այս հանգրուանին, Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կը մշակէ իր աշխատանքային ծրագիրը: Բոլորին ծանօթ են նոր կառավարութեան կազմութեան պայմանները: Մարտ 8-ի եւ 14-ի միջեւ բեւեռացումը երկու մեծ զօրանոցներու բաժնած է Լիբանանը: Քաղաքական արեւելումներու հակասութիւնները եւ տարակարծութիւնները անհամեմատ դժուար դարձուցած է անոնց միջեւ գոյակցութիւնը:
Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարաց յանձնախումբը յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին վերջնական տեսքի մէջ պիտի ներկայացնէ իր գործունէութեան քարտէսը: Լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ դժուար նոր կառավարութիւնը: Ընկերային, տնտեսական գետնի վրայ նոր կառավարութենէն կ’ակնկալուի միջոցներ գտնել կրճատելու 52 միլիառ տոլարի հասնող երկրին պարտքերը, կտրուկ միջոցներով չէզոքացնել եւ պայքար յայտարարել փտածութեան դէմ: Պայքարիլ արտագաղթի դէմ եւ աշխատանքային դիրքեր ապահովել երիտասարդութեան, լուծել հանգստեան կոչուած պաշտօնեաներուն համար նախատեսուած ապահովագրութեան թղթածրարը: Այս կարեւոր կէտերուն զուգահեռ երկու առանցքային յօդուածներ կը յուզեն համայն լիբանանցիները ապօրէն զէնքը եւ Միջազգային Ատեանը:
Ժողովրդավար որեւէ հասարակարգ պիտի մերժէ օրինական զէնքին զուգահեռ, այսինքն բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն կողքին մէջ ապահովական գօտիներու, Լիբանանի օրինական իշխանութեան հեղինակութիւնը վարկաբեկող զինեալ որեւէ երեւոյթ£ Լիբանանցի ժողովուրդը կը մերժէ երկրի քաղաքական կեանքին մէջ ՙզէնքի մշակոյթ՚ը: Դժբախտաբար, ապօրէն զէնքով ոմանք կը փորձեն մենաշնորհեալներ գօտիներ ստեղծել պետութեան հեղինակութենէն դուրս: Մենք կը մերժենք մենաշնորհները: Օրէնքի պահպանութիւնը վերապահուած է բանակին եւ ապահովական մնացեալ կառոյցներուն:
Աշխատանքային ծրագիրին անկիւնաքարերէն մէկը պիտի ըլլայ Միջազգային Ատեանի հանդէպ նոր կառավարութեան դիրքորոշումը: Լիբանանցիները չեն կրնար պատմութեան աղբանոցը նետել 2005-էն ի վեր երկրին մէջ գործուած քաղաքական ոճիրները, սկսելով վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն: Լիբանան չի կրնար խուսափիլ Միջազգային Ատեանին հանդէպ ստանձնած յանձնառութիւններէն: Ոմանք շատ ի զուր հրապարակուելիք ամբաստանագիրը կը պայմանաւորեն քաղաքային անվտանգութեան խախտումով: Այս մէկը ինքնին որ սպառնալիք մըն է լիբանանցիներուն ուղղուած ճշմարտութեան կամ ոճիրի մը բացայայտումը արդարութեան յաղթանակն է, եւ ոչ ապահովական նոր ցնցումներու անդորրագիր£ Փաստօրէն իր այս տեսքին մէջ, Միջազգային Ատեանին ամբաստանագիրը ՙանմատչելի՚ ըլլալու պարագային, ապահովական փոթորիկ կրնայ ստեղծուիլ Լիբանանի մէջ…: Ո՞վ տուած է մեզի այս իրաւասութիւնը: Ողջախոհութիւնը լիբանանցիներուն կը թելադրէ նախանձախնդիր ըլլալ ճշմարտութեան բացայայտումին եւ օգնութեան ձեռք մեկնեն հետաքննութիւններու ընթացքին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com