ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
2022 տարին Սփիւռքի տարի հռչակուեցաւ: Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտութիւնը զգացինք զօրաւոր, կազմակերպ ու ներուժ ունեցող սփիւռք մը ձեւաւորելու:
44-օրեայ պատերազմը, անկախ պարտութենէն, հողատարածքէն, զոհերէն եւ բարոյալքումէն, հաստատեց, որ սփիւռքը տկար է իր կառոյցներով: Սփիւռքը անկազմակերպ է իր նորօրեայ ցանցերով: Սփիւռքը այդ չէ, ինչ որ կը սպասուէր:
Անշուշտ փակագիծը կարելի է բանալ յանցաւորներ գտնելու, փնտռելու, դատապարտելու, սակայն իրականութիւնը այն է, որ սփիւռքը իր նոր դիմագիծով փաստօրէն ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի ոչ մեծապետական քաղաքականութեանց ծալքերուն, ոչ լրատուամիջոցներու, ոչ ներքին, եւ ոչ արտաքին ազդեցութիւններուն: Սփիւռքը միայն օգտակար է բարեսիրական, մարդկային, հոգեբանական, նիւթական, առողջապահական, կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային հարցերով:
Անշուշտ պէտք է շեշտել, որ անցնող երեսուն տարիներուն մենք մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցինք Հայաստանի վրայ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ առանց զօրաւոր Հայաստանի եւ Արցախի, սփիւռքը տկար կ՛ըլլայ:
Սակայն այսօր, պատերազմէն ետք, եկանք այն իրականութեան առջեւ, որ տկար, սպառած սփիւռք ունինք եւ պարտուած Հայաստան:
Այս իմաստով սփիւռքը վերակազմակերպելը կարեւոր է: Սփիւռքի ներուժը աշխուժ ուժի վերածելը առաքելութիւն պէտք է ըլլայ հզօր Հայաստան եւ Արցախ ունենալու համար:
Պատմութիւնը ինքնին դպրոց է: Սորվելիք բաներ շատ կան: Անցեալ երեսուն տարիներուն տարբեր սփիւռքի գաղութներ ձեւաւորուեցան, կերպարանափոխուեցան, մեծ գաղութներ փոքրացան, նոր գաղութներ ունեցանք մեծամասնութեամբ արեւելահայեր: Ռուսիոյ մէջ արդէն Հայաստանի բնակչութենէն աւելի հայկական գաղութ ունինք: Միացեալ Նահանգներու մէջ հսկայական գաղութ ունինք: Միացեալ օրակարգերով համախմբուելու անհրաժեշութիւնը կայ:
Կարեւոր է, որ սփիւռքի դերակատարութիւնը օժանդակէ Հայաստանի պետութեան հզօրացման: Ոչ թէ օրուան իշխանաւորին, իշխանութեան: Իշխանութիւնները մնայուն չեն, պետութիւնը մնայուն է եւ այդ իմաստով սփիւռքի դերն ալ այս սկզբունքով պէտք է գործէ: Հայաստանի պետութիւնն ալ պէտք է նկատի առնէ սփիւռքի աւանդական եւ նուրբ դրուածքը եւ ըստ այնմ շարժի: Պէտք չէ ամէն բան նորի պիտակին տակ անտեսուի. հարկ է նկատի ունենալ տասնեակ տարիներու վաստակ եւ պատմութիւն ունեցող կառոյցներու աշխատանքը: Օգտակար է բոլորիս համար միջին եզրեր գտնել կացութիւնը փրկելու համար: Սփիւռքը իր կառոյցներով եւ կարգ մը գաղութներու մէջ կառոյցներու բացակայութեամբ ընելիք ունի: Անցնող երեսուն տարիներուն Հայաստանի պետութիւնը իր արտաքին գործով սփիւռքի եւ սփիւռքի յատուկ յանձնակատարով որեւէ գաղութի մը մէջ կրթական, մշակութային, բարեսիրական թէ ընկերային կառոյց մը հիմնա՞ծ է: Ծրագրած է անտէր գաղութներուն մէջ աշխատանք տանի՞լ, թէ՞ պատրաստ գաղութներէն օգտուելու քաղաքականութիւն որդեգրած է:
Պատասխանը բոլորս ունինք: Ոչ ալ հարցումս մթնոլորտ կամ նախատրամադրութիւն ստեղծել է: Ըսելիքս այն է, որ ընելիք ունինք. մէկը միւսին գործը խանգարելու փոխարէն զիրար պէտք է ամբողջացնեն:
Փաստօրէն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը համասփիւռքեան կեդրոն է:
Փաստօրէն լեզուներու օրակարգը չենք քններ եւ չեմ գիտեր ինչու:
Ուրեմն անկեղծանալու պահը եկած է: Սփիւռքը գլխագիր Ս-ով սփիւռք ըլլալու համար, ինչպէս Վահէ Օշականը կ՛ըսէր, պէտք է հաւատք ունենանք սփիւռքի ներուժին վրայ: