Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ անդրադարձած է մէկ օր առաջ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ հանդիպումին:
«Կ՛ողջունեմ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի չորրորդ հանդիպումը: Կարեւոր է շարունակել խաղաղութեան համաձայնագիրի յառաջխաղացման ուղղութեամբ աշխատանքը, ջանքեր գործադրել մարդասիրական եւ կապի ոլորտներուն մէջ: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ ամբողջովին աջակցիլ խաղաղ, ապահով եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասին», գրած է Պորել:
Յիշեցնենք, որ 31 օգոստոսին Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: