Ազդակ- Կիրակի, 29 յուլիս 2018-ին, լիբանանահայութեան համար կարեւոր նուաճում մը կատարեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աւարտական կարգի աշակերտներէն, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մաս կազմող Նարեկ Փանոսեան, որ բարձրացաւ Եւրոպայի ամէնէն բարձր լերան գագաթը` հոն պարզելով հայկական եռագոյնը եւ Լիբանանի դրօշակը:
Բնականաբար, Ռուսիոյ մէջ գտնուող Էլպրուսի գագաթը (5642 մեթր), որ Եւրոպայի ամէնէն բարձր գագաթն է, նուաճած են շատ-շատեր, բայց Փանոսեան հանդիսացաւ այդ գագաթը նուաճած կրտսերագոյն տղայ լիբանանցին:
Կը շնորհաւորենք Նարեկ Փանոսեանն ու անոր ծնողքը եւ անոր կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ: