Անդրանիկ Կարապետեան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը
ՄՈՍԿՈՒԱ․- 89 քկ․ դասակարգին մէջ պայքարող եւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Կարէն Աւագեան ոսկի մետալ մը խլեց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթցքին, մինչ Անդրանիկ Կարապետեան գրաւեց երրորդ դիրքը, կը հաղորդէ Հայաստանի ծանրաբարձութեան դաշնակցութեան պաշտօնական կայքը:
Կարէն Աւագեան յաղթանակը նուիրեց «հայ զինուորներու վառ յիշատակին»։
Երկամարտին մէջ, Աւագեան արձանագրեց 375 քկ․ արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ վրացի Ռեւազ Տաւիտածէ, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Անդրանիկ Կարապետեան (365 քկ․):