ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ճատրակի գերվարպետ Կարէն Գրիգորեան Սպանիոյ Սանթիակօ տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Սանթիակոյի վարպետներ» մրցաշարքին աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ իսկ ապահովեց ախոյեանի տիտղոսը, պարտութեան մատնելով սպանացի վարպետ Տաւիտ Կոմեզ Տիէկեզը։
10 վարպետներու եւ գերվարպետներու մասնակցութեամբ իրկանացող մրցաշարքին նախավերջին՝ 8րդ հանգրուանին աւարտին, Կարէն Գրիգորեան յաղթանակ տօնեց՝ հաւաքելով 8 հաւանական կէտերէն 7 կէտ։ Մրցաշարքը կ՛ընթանայ զուիցերիական մրցակարգով եւ իւրաքանչիւր մասնակցող կ՛ունենայ 9 մրցում: Անոր փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19 Փետրուարին: