ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան Չորեքշաբթի, 17 Յունուարին, խորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին անդրադարձաւ վերջին շրջանին արձանագրուած կարգ մը ապրանքներու գիներու թանկացման:
Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ատեն, պատասխանելով «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Շաքէ Իսայեանի հարցումին՝ վարչապետը նախ ընդգծեց, որ պաշտօնական գնաճը Հայաստանի մէջ 2.6 տոկոս է, Վրաստանի մէջ՝ 6.7 տոկոս, Ատրպէյճանի մէջ՝ 7.9 տոկոս:
Ապա վարչապետը անդրադարձաւ պենզինի, խտացուած կազի եւ տիզելային վառելիքի թանկացման:
Վարչապետը նշեց, որ պենզինը թանկացած է 20 դրամով:
«Այս պահին Վրաստանում բենզինի գինն աւելի բարձր է այն դէպքում, երբ մենք բենզինը մեր երկիր տրանզիտով բերում ենք հէնց Վրաստանից: Բացի այդ, Բենզինի օգտագործողը ունի այլընտրանք՝ սեղմած գազը: Գազը թանկացել է 20 դրամով, դարձել է 190-220 դրամ: Սեղմած գազի դէպքում վերականգնուել է այն գինը, որ եղել է 2015թ.: Լաւ չէ, որ թանկացել է սեղմած գազի գինը, սակայն սա նոր պահանջ չէ, քանի որ մենք շուկայում այս գնով աշխատել ենք եւ այն ժամանակ էժանացրել ենք, քանի որ այդպիսի հնարաւորութիւն է եղել», մանրամասնեց վարչապետը, աւելցնելով, որ խտացուած կազի գինը դրացի Վրաստանի մէջ նոյնպէս բարձրացած է:
Անդրադառնալով տիզվառելիքի թանկացման՝ վարչապետը ընդգծեց, որ վառելիքի այս տեսակի թանկացումը որոշ կերպով կրնայ վնասել գիւղատնտեսութեան: Կարապետեան տեղեկացուց, որ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը հաշուարկներ կատարած է եւ պարզած, ո՛ր գիւղատնտեսական ապրանքները կրնան այդ պատճառով սղիլ: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը այս հանգրուանին կը քննարկէ գիւղատնտեսութեան համար տիզվառելիքի ձեռքբերման աջակցիլ, նուազ գինով զայն սպառողներուն տարմադրելով:
Վարչապետը կը հաւատայ, որ վառելանիւթի գիներու աճը խնդրայարոյց չէ: