Յստակ է որ խարխափում կայ հալէպահայերուն ապագայի իրավիճակը պատկերացնելուն ու ապահով լուծումներ գտնելուն շուրջ: Եթէ իրավիճակը ըլլայ օրհասական, ըստ երեւոյթին «համահայկական որոշումներու սպասումը»,«անհատական ընտրանքներու ապաւինումը»,«ուղղորդում դէպի Հայաստանը» անմիջական լուծումներ չբերելու արտայայտութիւններ ու ծրագիրներ կրնան համարուիլ:
Եթէ Հալէպահայերը հաւաքականօրէն պահելու որոշում կայ ամէն գնով, իմ կարծիքով տեսանելի է ժամանակաւոր Քեսապ տեղափոխուելու այլ տարբերակը. ձեւերն ու համադրումները, ինչպէ՞սն ու ե՞րբը Հալէպի պատասխանատու մարմիններուն կ՝իյնայ:
Նախ Քեսապը կարծեմ վերաբնակեցուեցաւ հայութեամբ ու Հալէպէն տեղափոխուող հատուածը կը գտնէ այնտեղ քեսապահայերուն, ու միջոցներ կ՝ըլլան ժամակաւոր տագնապի դիմագրաւման: Այո դառն փորձ ապրեցաւ Քեսապը բայց հոս ուրիշ աստիճանի լուծում է եւ ուրիշ տարբերակ: Առանց այսպէս ըսած կազմալուծելու սուրիահայ ռազմավարականութիւնը ( ինչը ըստ երեւոյթին երեք կուսակցութիւններուն ու յարանուանութիւններուն որոշումն է), Քեսապ տեղադրել հատուած մը համազօր է այդ որոշումին՝ Սուրիոյ տարածքին մէջ մնալով ու տէր կանգնելով Հալէպի խլուող իրաւունքներուն, նոյնիսկ Սուրիոյ բաժանման ալ պարագային:
Հալէպահայեր տուներ ունին Քեսապ ու կրնան տրամադրել տեղափոխուածներուն (համեստաբար մենք անոնցմէ ենք ու կը յատկացնենք):
Տիգրան Գաբոյեան