ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ո՛չ, շփոթ չկայ մեր մտքին մէջ, երբ կ՛արտասանենք վերոյիշեալ երկու բառերը: Աւելի՛ն. միտում ալ չունինք, այսպէս ըսած, դասակարգելու կամ պիտակաւորելու այն տիպարները, որոնք մեր կեանքին ուղղութիւն են տուած, մեր միտքը հարստացուցած, հոգին ազնուացուցած եւ օր մըն ալ հեռացած են այս աշխարհէն, գեղեցիկ յուշեր եւ անմոռանալի յիշատակներ թողնելով մեզի` աշակերտներուս, ուսանողներուս եւ ողջ շրջապատի մը առհասարակ:
Այլապէս ալ խօսքը չի վերաբերիր ուսուցիչ կամ դաստիարակ հասկացութեան առանձնաբար, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ (իգական թէ արական), որ ընտրած է այս ասպարէզը, սիրոյ, յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանի է բոլորիս կողմէ:
Յայտնենք նաեւ, որ մեծ ուրախութիւն է մեզի համար մեր շրջապատին մէջ տեսնել, ապրիլ ու ի պահանջել հարկին հաղորդակցիլ դաստիարակ-ուսուցիչներու հետ, որոնք, թէեւ ալեհեր եւ տարիներու շալակը իրենց ուսին, բայց եւ այնպէս տակաւին կը փորձեն ներշնչել, ոգեւորել ու խանդավառել մեզ` կառչած մնալով իրենց կոչումին:
Կրնայ ըսուիլ, ուրեմն, ինչպիսի՛ն է ձեր մօտեցումը, ըմբռնումը, երբ կը բնորոշէք այս երկու բառերը, յատկապէս անդրադառնալով անոնց խորքային իմաստին, կամ անոնց թողած ազդուութեան, որ այնքա՜ն կլանած է ձեր միտքն ու հոգին, առօրեան:
Պարզենք:
Դպրոցական տարիներուն, իբրեւ աշակերտներ, եզակի սէր ու յարգանք կը տածէինք այն ուսուցիչին հանդէպ, որ իր գիտական հմտութեան եւ փորձառութեան առընթեր, բացմիտ էր եւ ունէր ընկերական ոգի, այսինքն` դասաւանդութեան կողքին ու անոր զուգահեռ կը փոխանցէր հոգեմտային վայելչութիւն մը, այլապէս ցոյց տալով ընկերականութիւն, հարազատութիւն:
Եւ ահա, այս յատկութիւններն էին, որոնք կը զատորոշէին ուսուցիչը եւ առիթ կու տային, որ աշակերտութիւնը, իր կարգին, ցուցաբերէ հասկացողութիւն, յարգանք եւ մտերմութիւն: Իսկ տարիներու ընթացքին նման վերաբերմունք առաւել աճելով եւ բիւրեղանալով` կը ստեղծուէր փոխադարձ ընկալումի եւ ապրումի պատեհութիւն:
Ըստ երեւոյթին, սա է եղած յաջողութեան գաղտնիքը վաղուց անտի:
Արդ, ըսել է պէտք, որ նման մտորումներու տեղիք տուին այսօրուան մեր կեանքին մէջ առկայ մտահոգութիւնները, հարցերը: Այլ խօսքով` տիրականօրէն բացակայողը, այս օրերուն, զիրար հասկնալու եւ զիրար ըմբռնելու դժուարութիւն է. ուսուցիչ-աշակերտ, ուսուցիչ-տնօրէն, տնօրէն-խնամակալութիւն եւ այլն:
Կարծես մեզի` հայութեան համար, չէին բաւեր սփիւռքացած կեանքը, հայրենի հողէ ու ջուրէ զրկուելու դաժան իրականութիւնը, ահա, տասնամեակներէ ի վեր կը յամենան նման բռնազբօսիկ, տկլոր եւ ապազգային վիճակներ:
Հարկ է մատնանշել, որ դաստիարակ-ուսուցիչի կերպարը անպայման մայրենի լեզուին, գիր ու գրականութեան եւ պատմութեան չ՛առնչուիր, այլ խօսքով` եղած են, թէեւ հազուագիւտ, ուսողութեան, բնագիտութան, կենսագիտութեան, լեզուներու եւ արուեստի ուսուցիչներ, որոնք յաջողած են շաղախել դաստիարակ-ուսուցիչի կերպարը եւ ծառայական կոչումին առընթեր բարձր պահել մարդկայնական ապրումներու եւ ընկերականութեան գիտակցութիւնը:
Այլ խօսքով` անոնք յաջողած են իրենց իմացական աշխարհին ագուցել ազնիւ հոգի եւ նետուիլ ուսուցչութեան ասպարէզ: Այսօր նման բարեմասնութիւն բացակայ է մեր կեանքէն ու շրջապատէն, պարզապէս որովհետեւ կեանքի արդիականցման ու զարգացման զուգընթաց, մարդկային արժանիքներու տակաւ կորսուող վիճակներու ականատես կ՛ըլլանք, ցաւ ի սիրտ:
Պիտի ըսուի ժամանակները փոխուած են, կեանքը առաւել բարդացած, իսկ հայ կեանքի տխուր պատկերը` ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, կը յամենայ ու ցաւ կը պատճառէ բոլորիս:
Վերադառնալով դաստիարակ-ուսուցիչներուս, արձանագրել է պէտք, որ անոնք անսխալական էակներ չէին, կամ, այսպէս ըսած, գերմարդեր, այլ անոնք ունէին մարդկային թերութիւններ, որոշակի ապրելակերպ եւ կեանքը դիտելու մօտեցումներ: Այդուհանդերձ, անոնց մէջ շեշտուած էր իտէալականութիւնը հանդէպ իրենց ասպարէզին` ուսուցչութեան:
Ինչ կը վերաբերի մայրենի լեզուի ու գրականութեան ուսուցման, պարտք կը զգամ յիշել ու յիշատակել այն դաստիարակներս, որոնք, իրենց իմացական աշխարհին առընթեր, տուեալ նիւթին պերճանքն է, որ փոխանցած են մեզի, հակառակ բազում դժուարութիւններու եւ առօրեայ կեանքի դառնութեան:
Արդարեւ, ինչպէ՛ս կարելի է մոռնալ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի, Վազգէն Էթիեմեզեանի եւ Պօղոս Սնապեանի ուսուցողական արժանիքները, երբ անոնք ոգի ի բռին կ՛աշխատէին հայ աշակերտին միտքն ու հոգին լուսաւորել, կամքը կռանել եւ ազգային պատկանելիութեան բորբ ոգին արթնցնել` հայոց լեզու, գրականութիւն թէ իմաստասիրութիւն դասաւանդելով:
Միւս կողմէ, չեմ կրնար մտահան ընել շրջապատիս մէջ ապրողները, ողջերը, որոնց, թէեւ հազուադէպ կը հանդիպինք, սակայն անոնց ներկայութիւնը, մտքիդ մէջ կ՛ահազանգէ ամէն ատեն, երբ նստիս գրասեղանիդ դիմաց եւ սկսիս մրոտել սպիտակ էջերը: Մեր պարագային, ե-նամակներու հեղեղային հոսքը անպակաս են, շնորհիւ դաստիարակ-ուսուցիչին, որ մաշտոցեան լեզուին անաղարտութիւնը պահպանելու համար տիւ եւ գիշեր իր ձեւով կը պատարագէ, տեղին կը խարազանէ, կը սաստէ:
Այլապէս ալ անոնք` լեզուաբանի, քերականագէտի ու գրաբարի հմտութեամբ սպառազինուած դաստիարակ-ուսուցիչներ, ներկայ են միշտ կողքիդ, գրիչիդ ետին եւ գլխուդ վերեւ կը հսկեն, յանդիմանական ոճով եւ համարձակօրէն, յայտնելու ճիշդը, իմաստայինը, հայաշունչը յանուն` հայերէնի պաշտպանութեան:
Թէ մեր օրերու աշակերտութիւնը որքանո՞վ պիտի կարենայ հասկնալ կամ ըմբռնել վերոնշեալ ընդգծումները, արժեւորել եւ գնահատել իրաւ դաստիարկ-ուսուցիչը, արդէն հետագայ տարիները պիտի ապացուցեն:
Կը մնայ յիշեցնել, որ այս սրբազան տօնին առիթով հարկ է վերատեսութեան ենթարկել մեր հաւաքական կեանքի մօտեցումները, վերաբերումները եւ լծուիլ լոյսին բերելու իսկական ու վաւերական պաշտպանական համակարգ մը, որով պիտի կարենանք թէ՛ արժեւորել հայ դաստիարակը եւ թէ՛ գնահատել հայ ուսուցիչը:
Փաստօրէն, այսպիսի՛ առաջադրանքներ պիտի կարենան աշխուժացնել գաղութահայ մեր կեանքը, ամրացնել հայ վարժարանի հիմերը, իմաստաւորել հայ սփիւռքը: