ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ հայ համայնքը երկար ժամանակէ ի վեր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման հարցով պատասխան կ՛ակնկալէ ներքին գործոց նախարարութենէն, որ, սակայն, ցարդ չէ պատասխանած Պոլսոյ նահանգապետարանին միջոցով պատրիարքարանին կողմէ այս նպատակով ներկայացուած դիմումին:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այս հարցը տեղափոխած է խորհրդարան՝ գրաւոր հարցում ուղղելով ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին:
Փայլան յիշեցուցած է, որ Մեսրոպ արք. Մութաֆեան առողջական հարցերու իբրեւ հետեւանք՝ չի կրնար կատարել պատրիարքի իր պարտականութիւնները: Ան նշած է, որ պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արք. Պէքճեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած էր նախաձեռնող խումբ մը, որ յատուկ դիմում ուղարկած էր Պոլսոյ նահանգապետարան՝ ընտրութիւնները կազմակերպելու խնդրանքով, սակայն մինչ օրս այդ դիմումին պատասխան չէ եկած, հակառակ անոր որ ընտրութիւնները կը նախատեսուէին իրականացնել Դեկտեմբեր 10-13ին։
Փայլան ընդգծած է, որ համաձայն լրատուամիջոցներու մէջ տեղ գտած տեղեկատուութեան՝ Պոլսոյ նահանգապետ Ուասիպ Շահին ըսած է, որ «պետութիւնը Գարեգին Պէքճեանը չի ճանչնար իբրեւ պատրիարքական տեղապահ եւ կ՛ուզէ, որ ընտրութիւնը կատարուի պատրիարքարանի միւս երկու եպիսկոպոսներուն միջեւ»:
«Պատրիարքի ընտրութիւններուն պետութեան նման ձեւով միջամտելը եւ գործընթացին այսքան ձգձգուիլը համայնքէն ներս անհանգստութեան պատճառ դարձած են», շեշտած է հայ պատգամաւորը:
Ան Սոյլուէն պահանջած է պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն. արդեօք ի՞նչ է պատրիարքական ընտրութիւններուն պետութեան միջամտութեան հիմքը, եւ իսկապէս կա՞յ արդեօք միջամտութիւն՝ պատրիարքական ընտրութիւններուն, ինչպէս նշած էր Պոլսոյ նահանգապետը: Նաեւ, Փայլան փորձած է հասկնալ, թէ ինչն է ընտրութեան կազմակերպման գործընթացի ձգձգման պատճառը, երբ հայկական համայնքէն ներս կայ համաձայնութիւն, եւ աշխատանքները այդ ուղղութեամբ կը կատարուին արդէն: Վերջաւորութեան, Փայլան ուղղած է հետեւեալ հարցը. ե՞րբ պիտի աւարտին պատրիարքի ընտրութիւնը արգիլելու փորձերը: