Մահացած է Ֆրանսայի գրաւման ժամանակ նասիստներու դէմ պայքարած Միսաք Մանուշեանի խումբի վերջին անդամ` Արսէն Չաքարեանը, 101 տարեկանին, կը յայտնէ Le Monde-ը:
Ան մահացած է շաբաթ Վիլժիւիֆի (Փարիզի հարաւային արուարձան) Փոլ Պրուսի հիւանդանոցին մէջ:
Արսէն Չաքարեան մտած է Դիմադրութեան շարժման մարտիկներու խումբին մէջ, որուն 22 անդամներուն բռնած եւ 1944 թուականի փետրուարին մահապատիժի ենթարկած են Մոն Վալերիենի մէջ (Փարիզի արուարձան):
Ինչպէս կը նշէ պարբերականը, Չաքարեան մինչեւ իր կեանքի վերջը հարիւրաւոր հանդիպումներ ունեցած է դպրոցներու մէջ, խորհրդատուութիւն մատուցած զինուորականներուն ու քաղաքացիական անձանց, հանդէս եկած հեռուստատեսութեամբ ու ռատիոյով, եւ ի հարկէ` հանդիսաւոր ձեռնարկներուն, կը գրէ news.am-ը: