Երկուշաբթի, 18 Փետրուարին, 85 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց ազգային մեծ բարերար, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երբեմնի նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն:
Ան ոչ միայն անձնապէս բարերար եղած է հայրենահայութեան եւ սփիւռքահայութեան կրթական եւ մշակութային մեծ նախաձեռնութիւններու, այլ նաեւ օրինակ եւ խթան հանդիսացած է բազմաթիւ բարերարութիւններու եւ իրականացուցած է բազմաթիւ ծրագիրներ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի մէջ: