Գրող, ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Եւ ի՜նչ իրաւ է իրա՜ւ
Աշխարհ մէկուն չի մնար,
Երգես երգես «անուշ եար»
Եարն ալ եարին չի մնար …
Գուցէ կեանքը գիրք մը ըլլար
Հեքիաթին պէս «կար ու չկար»
Գուցէ բառ բառ գրուած ըլլար
Մի օր մին կար՝ օր մ՝ալ չկար …
Գուցէ օրը մեր ծննդեան
Մաշի հինցած թուղթի վրայ,
Շիրմաքարը կ՛ըսէ սակայն
Աշխարհ երբ էր մտանք-ելանք …
Շիրմաքարը բայց չի գիտեր
Ինչպէս լալով աշխարհ մտանք,
Ոչ ալ գիտէ երբ դուրս ելանք
Ուրիշներու լացով եկանք …
Չեմ տրտնջար .. ա՛յս է աշխարհ,
Օրեր կու գան, օրեր կ՛երթան,
Թիւ մէկ օրին էր Մարդ ծնանք՝
Վերջին օրն ալ գէթ ՄԱՐԴ երթանք …
Գրող, ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան