ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա
Այն օրէն, երբ Կեդրոնականցին համակարգիչ սկսաւ գործածել, աւելի դժբախտացաւ: Հիմա կը դիտէ, կը լսէ եւ կը կարդայ հայաստանեան լրատուամիջոցները, նաեւ` անոնց արտասահմանեան երկուորեակները:
Այս առաւօտ ել-նամակ մը ղրկած էր: Մտածելով, որ այդ նամակը պէտք է հետաքրքրէ բոլոր անոնք, որոնք կը դաւանին հայ ըլլալ, կը յաւակնին ազգ կառավարել, տիտղոսաւոր են, որոշեցի Կեդրոնականցիին նամակը ղրկել բոլոր հայ թերթերուն եւ լրատուամիջոցներուն` յուսալով, որ Լեզուի պետական տեսչութիւնը, նախագահ, վարչապետ եւ նախարարներ, կը լսեն մոհիկան Կեդրոնականցիի ցաւի ճիչը:
Ահաւասիկ նամակը.
Սիրելի Մակա՛ր,
Ամբողջ գիշերը չեմ քնացած: Հայաստանի թերթերը ծայրէ ի ծայր կարդացի: Ոգիի, հարազատի եւ ճշմարիտի պաշտպան մտաւորականութեան մերօրեայ յաջորդները խիղճ չունի՞ն: Մեր մեծագոյն հարստութիւն լեզուն, Նարդունի կ’ըսէր` ոսկեղենիկը, կը ջարդեն ենիչէրիական անբարդոյթ բարոյականով: Կը հասկնամ, որ ամբոխը թրքերէն եւ ռուսերէն բառեր գործածէ, երբ սոխ եւ սխտոր կ’առնէ եւ կը ծախէ, պամիտոր եւ մաղատանոս, նաանա եւ գազար, բադրիջան, փաստուրմա, պետրուշքա: Ազգին ծառայելու կոչուած եւ հանրային կարծիք առաջնորդողներ ի՞նչ կ’ուզեն ընել` Մեսրոպի ժառանգութեան ո՛չ հեռուէն եւ ո՛չ ալ մօտէն առնչուող բառեր գործածելով: Կարդա՛: Եթէ հասկնաս, ինծի ալ ըսէ, որ տգէտ չմնամ. ամենաէքսպանսիոնիստական, էքսպանսիայի, աբսուրդ, ռեպրեսիա, ակտիվ, թամբալ, դիագնոզ, տոտալ, կապիտալ, պրակտիկա, պարամետր, սկանդալ, ինֆորմացիա, ռեժիմ, ասոցիացվում է, կոնֆլիկտներ, ասամբլիա, ինտեգրացիոն, մեդիադաշտ, պրիմիտիֆիզմ…
Համաշխարհայնացման ամենաէքսպանսիոնիստական զոհասեղանի՞ն դրած ենք հայերէնը, որ յառաջդիմենք, դադրինք մենք ըլլալէ, դառնանք ուրիշ:
Կարծես մեր ազգը այլեւս տէր չունեցող ամբոխ է, որուն ղեկավարները կը զբաղին բիզնեսով, եւ շոուով, եւ որոնց համար հայերէնը անօգուտ բեռ է:
Կը մտածեմ, որ հայածնունդ Մուսթաֆա Քեմալ մը պէտք է գայ, որպէսզի հայերէնը լատինական տառերով գրենք եւ որդեգրենք միջազգային լեզու ամերիկերէնը: Դժուար ըլլալու չէ, արդէն ըսինք, որ համաշխարհային ազգ ենք, եւ ամենաէքսպանսիոնիստական ամերիկերէնը` համաշխարհային լեզու: Եթէ ընդունին, կ’ըլլանք ԱՄՆ-ի 52-րդ նահանգ: Եւ խաղաղութի՜ւն ամենեցուն:
Կը լուծուին կոնֆլիկտները, կը դադրի ռեպրեսիան, ասոսցիացվումը կը յաջողի, այս կ’ըլլայ իսկական տոտալ եւ կապիտալ պրակտիկա լաւ ապրելու իրաւունք նուաճելու: Մեդիադաշտը այս էական խնդիրներով պէտք է զբաղի, ոչ թէ` հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդերով եւ հեքիաթ դարձած հողերով:
Վաղը 11 նոյեմբեր է: Ա. Աշխարհամարտի դադրած օրը: Մեր աշխարհամարտն ալ պէտք է աւարտել` մտնելով քաղաքական էքսպանսիայի մէջ, ջնջելով տարբերութիւնները:
Ի դէպ, ե՞րբ մեր շարականները այս յառաջդիմական բառերով պիտի երգենք, դադրեցնենք պրիմիտիֆիզմը` կրօնական կոնֆլիկտներունալ վերջ տալու համար:
Լա՛ւ եղէք:
Քոյդ` Արմենակ, վաղը` Armenak ?
Կեդրոնականցիին էջը ղրկեցի մեդիային: Կը լսե՞ն անոնք, որոնք պէտք է լսեն:
10 նոյեմբեր 2019