ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա
Արմենակ տոմս գնած է, նաեւ` մեզի համար: Ներկայ պիտի ըլլանք հայ բեմադրիչի պատրաստած ժապաւէնին:
Կ՛ըսուի` չիք չարիք առանց բարիքի, իսկ Արմենակի բարիքին հետ իր գլուխը կը ցցէ չարիքը:
Ներկայացման սրահի անկիւնի սրճարանը նստած` կը սպասէինք, որ թատրոնի դռները բացուին: Ուրիշ հայեր ալ կային, երէցներ: Երիտասարդները ի՞նչ գործ ունին, կիրակի օրով, սրահի մը մէջ, ուր ճազ չկայ, ոչ ալ գետին` դոփելու գոռացող բառերը չհասկցուող «ազգասիրական» երգ:
Ինչպէս միշտ, Արմենակ ցաւցնող նորութիւններ կ՛ունենայ ուրախութիւններու վրայ քացախ թափելու համար: Այս անգամ ալ չդաւաճանեց աւանդութեան:
Երբ առանց շաքարի սուրճին պատիւ կ՛ընէինք, Արմենակ պատմեց հետեւեալը.
– Մեր շէնքի հայ ընտանիքներէն երկուքը իրենց զաւակները կը ղրկեն հայկական վարժարան, արդէն անոնցմէ երկուքը աւարտական կարգ հասած են: Երբ տոմսերը առած` տուն կու գայի, քաղաքավարութեամբ բարեւեցին: Իրենց ըսի, որ Կոմիտասի մասին ժապաւէն պիտի ցուցադրուի, լաւ կ՛ընեն, եթէ իրեն ալ գան: Հարցուցի, թէ գիտէի՞ն, թէ ո՛վ էր Կոմիտաս: Երանի չհարցնէի:
Երեքով` Էլպիս, Մակարուհի եւ ես, զարմացած սպասեցինք հասկնալու համար, թէ ինչ կրնար պատահած ըլլալ, որ Արմենակ զղջացած ըլլար:
– Էրիքը, որ լուրջ տղայ է, ըսաւ, որ Կոմիտաս թաղի եկեղեցիին վարդապետն է, իսկ ետ չմնալու համար Ալեն ըսաւ, որ արուարձանի տուտուկ չալողն է:
Արմենակ լռեց: Էլպիս, որ միշտ կորսուած դատերու պաշտպան է մաքրակրօն Արմենակի դէմ, ըսաւ.
– Ի՞նչ մեղք ունին Էրիքը եւ Ալենը, նաեւ` անոնց ծնողները, որոնք զոհողութեամբ հայկական վարժարան կը ղրկեն իրենց զաւակները, եթէ տասը տարուան ընթացքին ուսուցիչները թաղի վարդապետէն եւ տուտուկ չալողէն տարբեր Կոմիտասով մը չեն յաջողած հետաքրքրել Էրիքը եւ Ալենը:
Մակարուհին ետ չմնալու համար լրացուց.
– Հայ դպրոցը թաղի եւ թաղականի գաղթականի հպարտութիւն պատճառող մարմար չէ: Լուսանկարուող ջոջերը, դպրոց թէ ճաշկերոյթ, աւելին չեն տեսներ, չեն ուզեր տեսնել, չեն կրնար տեսնել:
Արմենակ եզրակացուց.
– Մակա՛ր, գրէ՛, երբ զոհողութեան մասին ճառեր կը խօսուին, թող ըսեն` ի՞նչ ընելու, ո՞ւր հասնելու եւ ո՞ւր հասցնելու համար…
Երբ սրահ կը մտնէի, մտածեցի, որ յանկարծ սխալ հասցէի եկած չըլլանք, եւ բեմին վրայ չգտնենք թաղի վարդապետը կամ տուտուկ չալող Կոմիտասը…
Դարք եւ բարք…
19 նոյեմբեր 2017