Հանրախանութներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Նապիլ Ֆահըտ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատունը ենթադրաբար պիտի որոշէ տոլարին քանակը, զոր կ՛ուզէ տրամադրել ապրանքներու ներմուծման համար, սակայն տակաւին ձեւը յստակ չէ: Ան բացատրեց, որ Կեդրոնական դրամատունը վաճառականին պիտի ապահովէ ամերիկեան տոլար, որպէսզի ան կարենայ զայն օգտագործել իր գործարքներուն ընթացքին:
Ֆահըտ նշեց, որ ապրանքներու գիներուն միջեւ մեծ տարբերութեան պատճառը այն է, որ կարգ մը խանութներ ապրանքները կը գնեն ամերիկեան տոլարի փոխանակման աւելի բարձր սակով, քան` ուրիշ խանութներ: Ան ընդգծեց, որ ամերիկեան տոլարի փոխանակման սակի հաստատումը պիտի ճշդէ նաեւ ուտեստեղէնի գիները:
Ան յայտնեց, որ սենտիքան նկատի պիտի առնէ այն բոլոր ծախսերը, որոնք կը կատարուին հանրախանութներուն կողմէ: