Կառավարութեան կազմութեան ճիգերը կը շարունակուին վարչապետ Հասսան Տիապի կողմէ, որ կառչած կը մնայ 18 նախարար հաշուող կառավարութեան մը կազմութեան:
Նկատի ունենալով այդ կեցուածքը` հարցերը կը մնան անլոյծ, որովհետեւ Մարատա հոսանքին, յոյն կաթողիկէ համայնքին եւ Ղովմի կուսակցութեան պահանջները կը մնան անպատասխան, մինչդեռ այդ հարցերուն հաւանական լուծումը նախարարներուն թիւը 24-ի բարձրացնելն է:
Բոլոր տեղեկութիւնները հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, յատկապէս` անոր ղեկավարը, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Տիապի որոշումներուն հետ տարակարծիք չեն:
Յետմիջօրէին Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ աշխուժ միջամտութիւն կատարեցին այդ հոլովոյթին մէջ, եւ կարելիութիւն ստեղծուեցաւ, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը յանձնուի տիւրզի համայնքին, եւ անոր փոխարէն ընկերային հարցերու կառավարութիւնը ստանձնէ Հըզպալլան:
Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նշել, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ բոլոր համայնքներուն պարագային ճշդուած չափանիշները պէտք է յարգուին, այլապէս` իրենք այլ խօսք պիտի ունենան ըսելիք:
Միւս կողմէ, Տար Ֆաթուա հերքեց այն լուրերը, թէ ինք միջամուխ կը դառնայ նոր կառավարութեան կազմութեան կամ որոշ նախարարներու թեկնածութիւն կ՛առաջադրէ` կառավարութեան մաս կազմելու իմաստով:
Տար Ֆաթուայի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կառավարութեան կազմութեան չի մասնակցիր` հաստատելով, որ Տար Ֆաթուայի եւ հանրապետութեան միւֆթիի անունով միայն Տար Ֆաթուան կրնայ խօսիլ եւ յայտարարութիւններ կատարել:
Կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն առընթեր երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ժողովրդային շարժումին մասնակից ցուցարարներն ու գործիչները փակեցին Պէյրութի, Մեթնի, Քեսրուանի, Թրիփոլիի, Աքքարի եւ կեդրոնական Պեքաայի ճամբաները` բողոքելով նոր կառավարութեան կազմութեան եւ ժողովրդային շարժումի պահանջներուն անտեսումին դէմ:
Անոնք առաւօտեան ժամերուն հրկիզուող անիւներով փակեցին Համրայի փողոցը, Ռինկի կամուրջը, Սայֆին, Ժալ էլ Տիպը, Տորան, Մանսուրիէն, Մեթնի արագ մայրուղին, Ճիւնին:
Լիբանանեան բանակը միջամտեց եւ վերաբացաւ ճամբաները:
Կէսօրէ առաջ աշակերտական քայլարշաւ մը կատարուեցաւ Ժտէյտէէն Անթիլիաս` երթեւեկի ահաւոր խճողում մը ստեղծելով Զալքայի մէջ:
Նոյնանման քայլարշաւ մը երթեւեկը գրեթէ սառեցուց Մըրի աշտարակին եւ Սանայեհի մօտ:
Առաւօտեան փակ մնացին նաեւ Քուրայի, Հալպայի եւ Մընիէի մայրուղիները, Զահլէի, Թաալպայայի, Ալէյի, Ապատիէի, Հասպայայի, Սայտայի եւ Թրիփոլիի ճամբաները, ինչպէս նաեւ Ժիէ-Պարժա մայրուղին:
Լիբանանեան բանակը մեծ թիւերով ներկայութիւն եղաւ փակ ճամբաներուն վրայ եւ հերթաբար փորձեց վերաբանալ այդ ճամբաները:
Սակայն Ռինկի կամուրջը իր բոլոր ուղղութիւններով մնաց փակ` գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին: Ռինկի կամուրջը վերաբացուեցաւ երեկոյեան ժամը 10:30-ին:
Այս կացութեան իբրեւ հետեւանք մեծ թիւով դպրոցներ եւ համալսարաններ փակ պահեցին իրենց դռները:
Յետմիջօրէին ցուցարարները փակեցին Փալմայի մայրուղին եւ Թրիփոլիի Նուր հրապարակը:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին փակուեցան Հալպա-Ատպալ մայրուղին եւ Թաալպայայի մայր ճամբան:
Գիշերուան ցոյցերը կեդրոնացան Համրայի Կեդրոնական դրամատան դիմաց եւ ապա նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի բնակարանին մօտակայքը:
Կեդրոնական դրամատան դիմաց մեծ թիւով ցուցարարներ բողոքեցին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ դրամատնային համակարգին դէմ:
Ցուցարարները Կեդրոնական դրամատան վրայ նետեցին քոքթէյլ մոլոթով մը, ինչպէս նաեւ քարկոծեցին ապահովութեան ուժերը եւ անոնց վրայ նետեցին պայթուցիկներ:
Ցուցարարներուն կողմէ ապահովութեան ուժերը քարկոծելու ընթացքին «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ատամ Շամսէտտին գլուխէն ստացաւ հարուած մը եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:
Ապա ցուցարարները ուղղուեցան Պլիս փողոց` բողոքի ցոյց մը կատարելու Սինիորայի բնակարանին դիմաց:
Համրայի փողոցներուն մէջ անոնց կատարած քայլարշաւին ընթացքին ցուցարարները կանչեր հնչեցուցին Սինիորայի, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասանի դէմ:
Նշենք, որ ուշ գիշերին ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Սայֆի-Էշրեֆիէ ճամբան, Շեքքայի մայրուղին, ինչպէս նաեւ Սայտայի Ռիատ Սոլհ փողոցը: