Կեդրոնական դրամատան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ որոշ ատենէ մը ի վեր ձեռնարկած է սուտասանութեան եւ զրպարտութեան շարքի մը` Կեդրոնական դրամատան եւ անոր կառավարիչին` Ռիատ Սալամէի դէմ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սէյիտի վերջին յերիւրանքը այն էր, թէ Սալամէ Կեդրոնական դրամատան մէջ պահ դրուած երկրին ձոյլ ոսկիէն բաժին մը կամ ամբողջը օգտագործած է:
«Ժամիլ Սէյիտի կատարած այս բոլոր յայտարարութիւնները զրպարտութիւններ են եւ սուտեր, որոնք անհիմն են: Լիբանանի ձոյլ ոսկին ապահով է, իսկ պարտադիր պահեստի գումարին ձեռք չենք տուած եւ պիտի չտանք:
Լիբանանի տնտեսութիւնը վերականգնելու լուծումը այն է, որ երկրին քաղաքական պատասխանատուները իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեն` կազմելով նոր կառավարութիւն մը, որ սկսի անհրաժեշտ բարեկարգումներուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ վերականգնէ Լիբանանի նկատմամբ ներքին եւ արտաքին վստահութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: