«Կեթի» հետազօտական հիմնարկը թուայնացուցած է օսմանեան ժամանակաշրջանի առաւել քան 6000 լուսանկարներ, որոնք մաս կը կազմեն ֆրանսացի Փիեռ տը Կիկորտի հաւաքածոյին: «Կեթի»-ն նշեալ լուսանկարները զետեղած է առցանց` մատչելի դարձնելով զանոնք ժամանակաշրջանը ուսումնասիրող մասնագէտներու:
Հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ պատմական նշանակութեամբ ճարտարապետական կոթողներու, քաղաքային եւ գիւղական տեսարաններու, հնավայրերու լուսանկարներ, սահիկներ եւ փաստաթուղթեր:
Թուայնացման ծրագիրը կեդրոնացած է 19-րդ դարէն մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտի ժամանակամրջանին վրայ: Նկարներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն գերմանացի զինուորականի մը (անունը տակաւին անյայտ է) լուսանկարները` նուիրուած «սիրելի Փոլինին»: Այս լուսանկարները կը պատկերեն գերմանական բանակին` Թուրքիոյ մէջ ներկայութենէն դրուագներ, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին: