ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Կէտադրութիւնը ուղղագրական համակարգին անբաժանելի մասն է: Իսկ մեր դպրոցներուն մէջ կէտադրութիւն կը սորվեցնե՞ն: Թող մատ բարձրացնէ սփիւռքահայ հայերէնաւանդ այն ուսուցիչը, որ կէտադրական օրէնքներ կ՛աւանդէ իր աշակերտներուն:
Մեր ուսանողները արդէ՜ն ուղղագրութիւն չեն գիտեր…: Իսկ կէտադրութիւնը՝ աւելորդ պերճանք մըն է բոլորին համար: Երկրորդական կարգերու ուսանողներուն մեծամասնութիւնը չի կրնար զանազանել բութը շեշտէն, չի գիտեր՝ թէ ի՞նչ կը նշանակէ «պարոյկ», ո՛չ ալ կը յաջողի այդ նշանները դնել իրենց ճշգրիտ տեղը…:
Բայց միայն աշակերտնե՞րը…:
Մեր խմբագիրներն ու յօդուածագիրները եւս ետ չեն մնար…:
Ահա՛, հայերէն օրաթերթի մը մէկ խորագիրը.
— «X X նախագահի թեկնածու պիտի ըլլա՞յ թէ ոչ»:
Նկատի ունենալով որ այստեղ 2 հարցում կայ, ուստի հարկ էր գործածել 2 պարոյկ: Յետոյ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել «նախագահական թեկնածու»: Մոռցուած է նաեւ ստորակէտը: Հետեւաբար գրենք՝
— «X X նախագահական թեկնածու պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ»:
Նոյն թերթին մէջ, ահա՛ այլ խորագիր մըն ալ.
— «Իրան՝ դիւանագիտական աննախադէպ ճգնաժամի մը հետ դէմ յանդիման»:
Հոս ալ ունինք 3 սխալ. «Իրան»-ը նախադասութեան ենթական է ու անոր վրայ դրուած բութը բոլորովին աւելորդ է: Աւելորդ է նաեւ «հետ» կապը: Իսկ «դէմ յանդիման»-ը կը գրուի միացման գծիկով: Ուրեմն գրենք՝
— «Իրան դիւանագիտական աննախադէպ ճգնաժամի մը դէմ- յանդիման»:
Այսօր՝ այսքան:
Լ.Շ. (Հալէպ)