Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ 2018 թ. հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի: Այս առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարանները 2018 թ. ողջ ընթացքին պիտի իրականացնեն «Արարող ձեռքեր» խորագիրով ցուցահանդէսային նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Տեղեկատուական համակարգէն:
Նախաձեռնութեան նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդ արուեստագէտներուն` հանրութեան առջեւ հանդէս գալու, ներկայացնելու իրենց ստեղծագործութիւնները, մտորումները եւ գալիքի իրենց տեսլականը:
Ցուցահանդէսները պիտի ընդգրկեն կերպարուեստի բոլոր ճիւղերը (գեղանկար, քանդակ, լուսանկար եւ այլն):
Նախագիծի ծիրէն ներս առաջին ցուցահանդէսի բացումը տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 11 փետրուարին, ժամը` 15:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ (Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի առաջին յարկի սրահ): Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Միքայէլ Յարութիւնեանի եւ Սարգիս Բաբայեանի ստեղծագործութիւնները: