« Զինեալ ընդդիմութեան կողմէ Դամասկոսի` Ատրա գիւղական շրջանին գրաւումէն ետք, սուրիական բանակը ռմբակոծեց այս քաղաքը: Կան սպաննեալներ ու վիրաւորներ… »:
Այս լուրը, մեզի սովորական դարձած սովորական լուրերէն նմոյշ մըն է, զորս կը կարդանք երեք տարիներէ ի վեր, կը հետեւինք արբանեակային կայաններուն ներքեւի լուրերու ժապաւէնին վրայ եւ մեր սիրտէն արիւն կը հոսի, որովհետեւ չենք ալ գիտէր ճշգրիտ ինչ կը հետապնդէ այս լուրը կամ ի՞նչ է նպատակը, բացատրութիւնը, ո՞վ է ենթական, ո՞վ է յարձակողը, ո՞վ է յարձակման ենթարկուողը…: Հարցեր, որոնց պատասխանին կը սպասէ ակնդիրը` լուրեր սփռողէն եւ արբանեակային կայաններէն:
Ես կը զարմանամ Սուրիոյ ժողովուրդին իրենց հայրենիքին մէջ կատարուածին հանդէպ ցուցաբերած դիտումնաւոր անտարբերութէան վրայ: Իւրաքանչիւր կողմ յենելով հաղորդուած լուրին, կը մեղադրէ միւսը: Առաջին կողմը կը պնդէ թէ նախայարձակը քաղաքը ռմբակոծողն է եւ թէ զօրքը իրաւուք չունի, ինչ ալ ըլլան պատճառները, ռմբակոծելու երկրէն որեւէ քաղաք, ուր կ’ապրին խաղաղ բնակիչներ: Միւս կողմը, նոյն ոգեւորութեամբ կը պնդէ` մենք լուրը ամբողջութեամբ չենք կարդացած, ուր կ’ըսուի. « զինեալ ընդդիմութեան քաղաքին գրաւումէն ետք…»:
Եւ ուրեմն պետութենէն ի՞նչ կը սպասուի զինեալ խմբաւորումին դէմ, որ այսօր ա՛յս քաղաքը գրաւած է, որպէսզի շարժի եւ գալ ամիս մէկ ուրիշ քաղաք գրաւէ, ճանապարհները փակէ, օգնութիւնը յափշտակէ, քաղաքը «Ազատագրեալ» շրջան յայտարարէ եւ ծայրայեղական էմիրութիւն մը հաստատէ, զայն ներկայացնէ դաւանանքային հնչեղ իմաստով, ժողովուրդին համակրութիւնը շահելու համար:
Երեք տարիներէ ի վեր այս իրավիճակին մէջ ենք, եւ կողմերէն որեւէ մէկը չէ մտահոգուած երկիրը քանդելու, աւերելու, զայն դէպի գահավէժ խրելու ողբերգութենէն: Բանակցութիւններու գետնի վրայ, որեւէ յառաջընթացք չ’արձանագրուիր: Միակ լսուողը` կողմերէն իւրաքանչիւրը միւսը կ’ամբաստանէ, ըսելով` այսինչ օտար վաշտերն ու այնինչ գումարտակները բերած է իր կողքին կռուելու: Միւսն ալ` առաջինը կ’ամբաստանէ` երկրագունդի վրայ վայրի եւ ատելավառ օտար արիւնարբու կռուողներ համախմբելով, զանոնք բերած է իր հետ նոյն խրամատին մէջ կռուելու նպատակով: Տակաւին կան այնպիսիներ, որոնք կողմերուն միացած են իրենց կենդանի ախորժակին յագուրդ տալու եւ հիմնաւորելու իրենց մէջ եռացող գաղափարական լեղի համոզմունքները կամ իբրեւ արկածախնդրութիւն, ՙուղիղ, կենդանի հաղորդման՚.ընդմէջէն…կան նաեւ այնպիսիները, որոնք եկած են յագեցնելու իրենց «թայֆայական» դաւանանքային, համայնքային ատելութիւնը` սուրիական միսի եւ տաք արիւնի վրայ, PLAY STATION խաղալու փոխարէն…:
Երբեւիցէ չէի ակնկալեր կամ խորհէր, որ այսքան խորունկ ատելութիւն գոյութիւն ունէր Սուրիոյ համայնքներուն միջեւ, եւ երբեք չէի կրնար երեւակայել որ հակամարտութեան ղեկավարները կրնան այսքան անհոգ եւ անտարբեր ըլլալ, կարծես այս սուրիացի երեխաներուն հայրերը չեն անոնք կամ իրենց հայրենիքը չէր Սուրիան:
Ոչ մէկը ականջ կը դնէ, ոչ իսկ երկվայրկեան մը, խելքի ու խղճմտանքի ձայնին: Իւրաքանչիւրը կը վարուի կարծես ի նպաստ իրեն վճռուած է յաղթանակը: Անկասկած, անոնք ականջ կը դնեն իրենց թիկունք եղող եւ սատար կանգնող ուժին կամ կը տարուին իրենց սնապարծութեամբ. ոեւէ մէկը պահ մը իսկ չի խորհիր իր քաղաքականութիւնը կամ մարտավարութիւնը փոխելու մասին, ոչ ալ կը թեքուի դէպի խաղաղ, քաղաքական լուծում` ձգելու հաշտութեան նուազագոյն կարելիութիւն, գէթ նուազեցնելու արիւնահոսութիւնը կամ դադրեցնելու քաղաքներու եւ գիւղերու քանդմումը` յանգստեան պահ մը շնորհելու այս խեղճ ժողովուրդին, որուն զոհերուն, գաղթականներուն եւ անոր մարմնէն հիւծող արիւնը եւ չքաւորութեան չափերը հասած են աներեւակայելի սահմաններու : Անոր կրած տառապանքը բաժին չէ հասած ոեւէ ժողովուրդի, նոյնիսկ անցեալի մթին դարերու մոնկոլ-թաթարական արշաւանքներու շրջանին:
Իւրաքանչիւրը կը յայտարարէ թէ ունի իր ընդհանուր եւ մասնաւոր պայմանները, որոնցմէ մազաչափ իսկ զիջիլ չ’ուզեր, իւրաքանչիւրը ինքզինքին եւ այլոց կը ներշնչէ այն համոզումը, թէ այս անդրդուելիութեան մէջ խտացած է հայրենասիրութիւնը, հանրութեան մօտ շրջանառութեան մէջ դնելով այն, թէ որեւէ մեղմացում դիրքորոշման մէջ` համազօր է դաւաճանութեան, գիտնալով հանդերձ որ, ինք չէ որոշումին տէրը, ինք ենթակայ դարձած է ուրիշին` իր յուզումին եւ տկարութեան պատճառով, առ ի հետեւանք, իր եղբօր դէմ զէնք բարձրացնելու եւ կռուելու մինչեւ անոր ուժասպառ դառնալն եւ քայքայումը: Ոչ մէկը կը գիտակցի, թէ առաջին իսկ քայլէն ընտրած ճամբան չէ տուած ցանկալի պտուղները եւ անհրաժեշտ է պահ մը դանդաղեցնել ընթացքը եւ փոխել գործելաոճը…: Իսկ եթէ կողմերէն որեւէ մէկուն նպաստաւոր է երկիրը քանդել եւ աւերել, ապա ինչու՞ տուժող կողմը չի փոխէր իր քաղաքականութիւնը եւ մարտավարութիւնը, խնայելու մարդկային եւ նիւթական աւերածութիւնները եւ ընտրելու խաղաղ քաղաքական լուծում, ինչպէս վերը նշեցինք:
Արդեօ՞ք կռուող կողմերը կորսնցուցած են իրենց քաղաքական իմացութիւնը, քիչ մը դիւանագիտութիւն չե՞ն սորուած պատերազմի ճակատ ուղուելէ առաջ: Ես իմ խելքովս, համեստ փորձառութեամբս եւ քառասուն տարիներու համաշխարհային քաղաքականութեան միջազգային խաղերուն եւ շահերու պայքարներու դիտարկումներովս կը տեսնեմ, որ այն ինչ կը պատահի իմ երկրիս` Սուրիոյ մէջ, ծայրայեղ տգիտութիւն եւ անհեթեթութիւն էր եւ է , որուն համար պիտի զղջայ ամէն ոք, որ մասնակցած է քանդումին, կամ սուրիացիի թափած կաթիլ մը արեան, որովհետեւ այս անըմբռնելի պատերազմը պիտի աւարտի առանց յաղթողի կամ պարտուողի` մեկնելով գործող պետութիւններուն շահերէն (անկախ անկէ թէ ինչպէս պիտի մեկնաբանէ իր վիճակը իւրաքանչիւր կողմ), եւ ոչ մէկ սուրիական հատուած պիտի յաջողի բուժել միւս կողմէն ստացած վէրքերը, ինչ որ ըլլայ այդ վէրքերուն աղբիւրը: Ես համոզուած եմ, որ կողմերէն ոչ մէկը ի սկզբանէ համոզիչ պատճառ չունէր սկսելու պատերազմը, այլ իւրաքանչիւրինը անհեթեթ հերիւրանքներ էին, ինչպէս օրինակ` ահաբեկիչներու իշխանութեան գլուխ գալու սպառնալիքը, կամ` ժողովուրդին հետ անարդար վարուելու վարկածը, որուն վերացումը պիտի պարտադրէր զինեալ յեղափոխութիւն:
Օտար կողմեր ու կեղծ բարեկամներ են որ օգուտ պիտի քաղեն մեզի հարուածող պատուհասներէն որոնց շարքին նաեւ` Իսրայէլը, որ չարիք կը ցանկայ մեր երկրին: Հակառակ անոր որ Իսրայէլ պիտի ուզէր աւելի շատ աւեր եւ ցաւ հասցնել , կը թուի թէ բաւականացած է մեզի բաժին հասած մարդկային եւ նիւթական վնասներով … որ քիչ չէ ամենայնդէպս …: Ամէն պարագայի, անոնք հեռուէն կը դիտեն հրճուած եւ պիտի կրկնեն ժողովրդային առածը, որ կ’ըսէ. «Ձգէ, իրար միս թող ուտեն»..: Այս կործանարար պատերազմի աւարտին, կողմերէն ոչ մէկը պիտի յաջողի ծունկի բերել միւսին, ինչպէս որ կը ցանկար, երբ երեք տարիներ առաջ առաջին անգամ մատը զէնքի բլթակին տարաւ…:
Եւ եթէ ենթադրենք թէ կողմերէն մէկը յաղթանակ տարաւ միւսին դէմ, վստահաբար յաղթանակէն քաղած շահին հանրագումարը պիտի չհաւասարի կամ որեւէ համեմատութեամբ հակակշռէ իր կրած վնասները, որոնց դիմաց ինք վճարած է մարդկային զոհերու եւ երիտասարդ սերունդներու երազներով, որովհետեւ պարզապէս տապալած պիտի ըլլայ իր եղբօրը եւ ոչ` թշնամիին, եւ հաւանաբար իր մատերը խածնէ իր արարքներուն համար եւ ափսոսանքով լայ իր երկրին մէջ պատահածին: Իր յաղթանակի բերկրանքը առաւելագոյնը պիտի վայելէ երեք վայրկեան, որովհետեւ իր խիղճը պիտի տանջէ զինք, երբ խորամուխ դառնայ իր տան նորոգութեան, իր թաղի վերաշինութեան եւ իր քաղաքին փլատակները վերացնելու աշխատանքին : Հաւանաբար պիտի ստիպուի դարձեալ իր ձեռքը երկարելու երէկի հակառակորդին, հաւաքական համագործակցութեան նպատակով, ենթակառոյցը վերակառուցելու, որ լաւագոյն պարագային, առ նուազն պիտի տեւէ երեսուն տարի:
Այսօր երբ կը գտնուինք «Ժընեւ 2»-ի դռներուն առջեւ, իմ թախանձագին խնդրանքս է բոլորէն, մանաւանդ սուրիացի եղբայրներէս, որ գթան մեր տանջահար ժողովուրդին, մէկ կողմ ձգեն իրենց արհեստական ներմուծուած անօգուտ ատելութիւններն ու սկսին անկեղծ եղբայրական երկխօսութեան եւ քննարկումներու, առանց անընդունելի պայմաններ պարտադրելու մէկը միւսին եւ անկեղծ բարօրութիւն եւ խաղաղութիւն ցանկան մեր սիրելի արեւշատ, սրտբաց երկրի, բարեխիղճ եւ ազնիւ ժողովուրդին, ու համաժողովէն դուրս ելլեն մեր երկրին շահերուն եւ ապահովութեան շուրջ ամբողջական համաձայնութեամբ եւ վերացնեն արիւն, փամփուշտ, ատելութիւն եւ մահ տեղացող այդ սեւ ամպերը ու վերադառնան հայրենիք, իրենց հետ բերելով աւետիսը մշտական հաշտութեան, վերաշինութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման:
Ու ահա ես կոչ կ’ընեմ անոնց, ամբողջ հոգուով եւ էութեամբ գոչելով – « Կը բաւէ՛ եղբայր, Աստուծոյ սիրոյն հերի՛ք է….»
Կարօ Գույումճեան
Քուէյթ