ԵՐԵՒԱՆ.- Կը ծրագրուի կին զինծառայողներու ներգրաւումը աստիճանաբար աւելցնել բանակին մէջ՝ նախ արհեստագիտական ապահովման, ապա միւս ոլորտներէն ներս:
Կին զինուորները աւելի մեծ թիւով պիտի ընդգրկուին պահեստազօրային ծառայութեան մէջ: Նշուած ծառայութեան ներդրումը հնարաւորութիւն պիտի տայ առաւել արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու պահեստազօրի մասնագիտական ներուժը՝ պարբերական վարժութիւններու եւ զինուած ուժերու խնդիրներու կատարման նպատակային ներգրաւման միջոցով:
Արդիականացման ծրագիրով նախատեսուած համալիր ջանքերու շնորհիւ՝ պիտի ապահովուի զինուած ուժերու վստահ մուտքը կայացման չորրորդ տասնամեակ՝ իբրեւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիք: Այդ երաշխիքը պիտի ծառայէ իբրեւ հաւանական հակառակորդները զսպող գործօն: