Յակոբ Չոլաքեան
Ես ու դուն հաւատանք թէ չէ՝ ոչ մէկ նշանակութիւն ունի. ժողովուրդը վեհագոյնն է, սկիզբն ու վերջը ամէն ինչի: Ինքն է արարիչը իր պատմութեան բոլոր արժէքներուն, երկնողն ու ծնողը:
Հեռու չերթանք.
Սարդարապատի յաղթանակը ո՞վ կերտեց. անուններ մի՛ տաք, մեր ահաւոր պարտութիւններէն ետք բոլորին մղիչ ուժը, բոլորին բազուկը ժողովուրդն էր, եւ ահա անո՛ր երկունքով ծնաւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ:
Ո՞վ փոթորկեց աշխարհը 1989-1994 թուականներուն, եթէ ոչ ժողովուրդը, որուն մեծ երկունքով ծնաւ երկուորեակը՝ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴՆ ու ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ:
Ժողովուրդն էր կրկին, որ 2018-ին աշխարհի չորս կողմերէն, Հայաստանի բոլոր կողմերէն հոսեցաւ Ազգային ժողով եւ Կառավարութեան շէնք, ուր ծնաւ ՅՈՅՍԸ:
Իսկ ի՞նչ մնաց անոնցմէ:
Ձեռքեր կ՛երկարին նորածինին՝ սիրելու, մեծցնելու, հասակ տալու երդումներով: Ու կը սկսի բաժնուելու քաշքշուքը, թէ որո՛ւն կը պատկանի ծնունդը: Աշխարհի մէջ ամէն տեղ այդպէս է . ժողովուրդը կ՛երկնէ ու կը ծնի, բայց ծնունդը կը խլեն ոմանք՝ կուսակցութիւններ, խմբակցութիւններ, մենապետներ. ասոնք կը յաւակնին տէրը ըլլալ ծնունդին: Շատ անգամ ու շատ տեղեր կ՛ըլլայ պառակտում, մարդիկ նոյնիսկ կը մոռնան նորածինը, կը մոռնան մայրը, պառակտումը կը ծնի ատելութիւնը, որ ժողովուրդը կը վերածէ հոս ու հոն աղմկող խաժամուժի, որուն դուն կու տաս ազգ, միւսը՝ խուժան ու ամբոխ անունները: Ատելութեան այդ գուպարին մէջ ամեն սրբութիւն շահարկումի կ՛ենթարկուի: Բոլոր լոզունգները կամ նշանախօսքերը կը դառնան իմաստազուկ, բոլոր գաղափարախօսութիւնները՝ դատարկաբանութիւն: Սոդոմ-Գոմոր:
Մենք երբեք համատեղ չենք կրցած ըլլալ մեր մեծագոյն արժէքներուն շուրջ: Չենք կրցած մեր յաղթանակները մնայուն արժէքի վերածել: Որովհետեւ ի սկզբանէ հատուածականութեամբ շնորհազրկած ենք զանոնք ընդհանուրէն: Ճիշդ անկէ կը սկսի կուսակցութիւններու մեծամտութիւնը. քանի ինքը տէրն է բազմութեան մը, զոր կը կոչէ ժողովուրդ, ուրեմն ինքը աւելի մեծ է, քան զինքը ծնող ժողովուրդը: Կ՛արհամարհենք օրէնքը, օրինապահ մարմինները, կը քայքայենք բանակը: Նոյնիսկ մեր ցաւն ու սուգը կը բաժնենք իրարմէ, կը բաժնուինք մեր նահատակները: Հոս մենք աւելի կը վնասենք մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին, քան նոյնինքը՝ թշնամին:
Ատոր հետեւանքով է, որ մեր ՊԵՏՈՒԹԻՒՆը որդեգրութեան տուինք 70 տարի, հիմա ալ այդպէս մտածողներ կան իբրեւ փրկութեան ելք…
Ատոր հետեւանքով ԱՆԽԱԿՈՒԹԻՒՆԸ բարիք դարձաւ ինծի եւ քեզի, բայց ոչ՝ երկրին ու ժողովուրդին, իսկ Արցախը սպասեց այսօրուան բախտին:
Ատոր հետեւանքով ՅՈՅՍը բան չբերաւ մեզի:
Պետութիւնը կը խարխլի, անկախութիւնը կը չքանայ, յոյսը կը բզքտուի, մարդի՛կ, բա՛ւ է, յարգեցէ՛ք ժողովուրդը:
Կը կորսնցնենք ամենէն թանկագին բաները, բայց մանաւանդ այն, որուն մասին այնքան շատ կը խօսինք՝ ամէն անգամ զայն աւելի եւս վիրաւորելով ու անպատուելով, այն՝ որ կրնար մեզ ոտքի պահել՝ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆը: