ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Gazeta.ru կայքը ծաւալուն յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն՝ գրելով, որ 30 տարի առաջ, այս օրերուն, ատրպէյճանցի ծայրայեղականները կը ներխուժէին մարդոց տուները, տանջամահ կ՛ընէին, կը սպաննէին հայերը եւ այլ ցեղերու պատկանողներ:
«12 Յունուար 1990-ին Պաքուի մէջ կը սկսի հայերուն ջարդերը, անոնց դէմ հալածանքները: Անօրինական գործողութիւններ կը կիրարկուին նաեւ ռուսներուն, հրեաներուն, վրացիներուն եւ յոյներուն նկատմամբ», նշուած է յօդուածին մէջ:
Հրապարակման մէջ կը նշուի, որ մինչեւ այդ դաժան օրերը, տարբեր գործիչներու կողմէ սադրանքի յստակ գործողութիւններ կ՛իրականացուէին: Կը նշուի, թէ Ատրպէյճանի մէջ բազմաթիւ աղքատներ կան, մինչ բազմաթիւ հայեր կ՛ապրին բարեկեցիկ պայմաններու մէջ. այս եւ այլ սադրանքներով մարդիկը կը հրահրէին, որ բռնի գործողութիւններ իրականացնեն հայերու նկատմամբ:
13 Յունուարին, հայերու ջարդերը կը ստանան զանգուածային բնոյթ: Մարդոց մեծ խումբեր «Կեցցէ Պաքուն առանց հայերու» կարգախօսերով բողոքի ցոյց կը կատարէին եւ կը խոստանային մաքրել Պաքուն հայերէն: Յօդուածագիրը կը մէջբերէ բրիտանացի լրագրող Թոմաս Տը Վաալի խօսքերը այն մասին, որ Պաքուի ջարդերը պէտք չէ նկատել Սումկայիթի զանգուածային սպանութիւններէն անջատ:
Հեղինակը յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ բազմաթիւ վկայութիւններ այն մասին, թէ ի՛նչ դաժանութիւններ կը գործադրուէին մարդոց նկատմամբ, միայն այն պատճառով, որ անոնք հայեր էին։ «Ջարդեր կատարուեցան մեծ դաժանութիւններով: 14 Յունուարին 30-40 հոգիէ բաղկացած մարդոց խումբ մը կը ներխուժէ տարեց Թորոսեաններու ընտանիքին տունը: Հոն էին անոնց բարեկամները եւս, որոնք նոյնպէս տարեց էին: Յանցագործները ծեծի կ՛ենթարկեն բոլորը, կը խլեն անոնցմէ 3,5 հազար ռուբլի գումար, բռնի ուժով կը հանեն բակը եւ պենզինով կ՛այրեն զանոնք», այս մասին իր «Անկում» գիրքին մէջ գրած է հրապարակախօս Քիրիլ Սթոլեարով: